×

Բարեգործական նպատակաւ արտերկրէն Հայաստան բեռներ ներածելու ուղեցոյց

26.03.2021

Հարկային արտօնութիւններ ստանալու նպատակաւ արտերկրէն Հայաստանի Հանրապետութիւն բեռներու ներածումը բարեգործական որակելու համար՝ անհրաժեշտ է յայտ ներկայացնել փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանին։ Յայտը հնարաւոր է ուղարկել թղթային տարբերակով կամ «e-request.am» ելեկտրոնային հարթակի միջոցաւ։ Յայտը պէտք է ներկայացուի նախապէս՝ ծրագրի իրականացումէն առնուազն 30 օր առաջ:

Ծրագիրը բարեգործական չի կրնար որակուիլ, եթէ՝

-կ’ենթադրէ շահ կամ շահոյթ,

-կը ներառէ դրամական կամ այլ միջոցներու յատկացում՝ կուսակցութիւններու եւ առեւտրային կազմակերպութիւններու,

-ուղղուած է սեփական աշխատողներու սպառողական պահանջմունքները բաւարարելու,

-կը ներառէ ապրանքներու առք ու վաճառքի գործարք:

Հարկային արտօնութիւններ ստանալու նպատակաւ բարեգործական կրնայ որակուիլ միայն ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ ոչ առեւտրային կազմակերպութեան հասցէին ուղարկուող բեռներու ներածումը:

Յայտը կը ներկայացուի ստացող կազմակերպութեան կողմէ՝ ազատ շարադրանքով: Ուղարկուող յայտին մէջ պէտք է նկարագրել բեռը ստանալուն նպատակը եւ նախատեսուող միջոցառումները, նախատեսուող մուտքերու եւ ծախսերու նախահաշիւը, իրականացման փուլերն ու ժամկէտները, ինչպէս նաեւ յստակօրէն նշել կատարողներուն ու ստացողներուն տուեալները:

Յայտին կից անհրաժեշտ է ներկայացնել՝

1.    բեռին հաշիւ-ապրանքագիրը (invoice),

2.    բեռնափոխադրման առկայ փաստաթուղթերը,

3.   նուիրատուութեան պարագային՝ նուիրատուութեան նամակը (donation letter),

4.    բեռին մէջ ներառուած ապրանքներուն մանրամասն ցանկը,

5.   շահառուներուն ցուցակը՝ ըստ բաշխուող ապրանքներու քանակին եւ համապատասխան արժէքին:

Հարցերու պարագային կրնաք դիմել ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի Մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներու վարչութիւն։