×

Մոսկովի Լազարեան ճեմարան

26.03.2021

«Կարելի է համարձակ կերպով ըսել. եթէ չըլլային Լազարեանները եւ Ներսէս Աշտարակեցին, ռուսահայերը տակաւին շատ երկար թաղուած կը մնային ասիական խաւարին մէջ։ Անոնց դպրոցներն էին մեզ կեանքի հրաւիրողները։ Այդ դպրոցներէն էր, որ հայու խաւար հորիզոնին վրայ բացուեցաւ գարնանային առաւօտը։ Անոնք երկուորեակներ էին, միատեսակ կը մտածէին ու կը գործէին։ Երկուքին դաւանանքը միեւնոյնն էր, երկուքն ալ միեւնոյն ճանապարհով կ’ընթանային»։ Հայ պատմաբան, հրապարակախօս, փրոֆեսոր Լէոյի խօսքերն են Մոսկովի մեծահարուստ Լազարեաններուն մասին։

Ուշ միջնադարուն հայկական ազնուական շատ տոհմեր կային Ռուսիոյ մէջ։ Անոնք ստացած էին ազնուական տիտղոսներ: Մեծահարուստ Լազարեանները ճիշդ այդ տոհմերէն մէկն էին, կը զբաղէին մետաքսի արդիւնահանմամբ ու հանքարդիւնաբերութեամբ։ Անոնց միջոցներով 1815 թուականին հիմնադրուեցաւ հայագիտական եւ արեւելագիտական հազուագիւտ գիտա-ուսումնական խոշորագոյն կեդրոններէն մէկը։ Այստեղ կ’ուսանէին հայեր, ռուսեր, վրացիներ եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ՝ առանց ազգային ու դաւանական խտրականութեան։ Հիմնադրման առաջին շրջանին ճեմարանը եղած է տարրական մասնաւոր դպրոց եւ կոչուած է Հայկական Լազարեան (Ղազարեան) ուսումնարան։ Հանրակրթական առարկաներուն զուգահեռ ուսանողները կը սորվէին հայերէն, լատիներէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն: Ճեմարանը ունեցած է գերնպատակ՝ պատրաստել ուսուցիչներ հայկական դպրոցներուն համար։ Ըստ այդմ, հայագիտութիւնը եղած է գլխաւոր ուղղութիւն եւ հիմնական առարկաները դասաւանդուած են հայերէն: Այստեղ ոչ միայն գերազանցում էին հայերէն դասաժամերը, այլեւ դասախօսական կազմը, տնօրինութիւնն ու ուսանողութիւնը հիմնականին մէջ հայեր էին։ Ճեմարանի շրջանաւարտները երկու տեսակ քննութիւն կը դիմէին՝ մասնագիտական եւ ընդհանրական։ Վերջինը հանրային էր, այսինքն՝ այլ մարդիկ կրնային ունկնդրել։ 

1848-էն սկսեալ ճեմարանը ստացած է արեւելագիտական ուղղութիւն՝ պատրաստելով ուսուցիչներ, արեւելագէտներ, դիւանագէտներ: Ունեցած է նաեւ նախապատրաստական բաժին: 1841 թուին ճեմարանին կից բացուած է հոգեւոր բաժին, ուր կը պատրաստէին հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներ։

1858-ին Լազարեան ճեմարանի ուսանողները նախաձեռնած են սիրողական թատրոնի բացումը, իսկ ներկայացումներուն մասնակցած է անձամբ Կոստանդին Ստանիսլաւսկին, որ եւս ճեմարանի սան եղած է: Լազարեանները մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ ռուսական թատրոնի զարգացման գործին մէջ: 1872 թուին ճեմարանէն ներս բացուած է արեւելեան լեզուներու բաժինը՝ իբրեւ բարձրագոյն համալսարանական կրթութիւն։ Թէպէտ ճեմարանը արդէն ունէր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան կարգավիճակ, անիկա նախկինին պէս կը շարունակէր կոչուիլ Լազարեան ճեմարան:

Այստեղ ուսանած են հայ մեծերէն Մկրտիչ Էմինը, Գրիգոր Խալաթեանը, Կարապետ եւ Յովսէփ Լուսիկեանները, Կարօ Մելիք-Օհանճանեանը, Ցոլակ Խանզատեանը, Պօղոս Մակինցեանը, Ռափայէլ Պատկանեանը, Վահան Տէրեանը, Սմբատ Շահազիզը, Վարդգէս Սուրէնեանցը, Եղիշէ Թադէոսեանը, ռուսերէն՝ Իւան Թուրկենեւը, Լեւ Թոլսթոյը, Եուրի Վեսելովսկին, Կոստանդին Ստանիսլաւսկին, Միխայիլ Կլինքան, Ռուբէն Սիմոնովը: Ճեմարանէն ներս դասաւանդած են Միքայէլ Նալպանտեանը, Սմբատ Շահազիզը, Յարութիւն Ալեմտարեանը եւ այլք։

Ճեմարանը ունեցած է իր տպարանը, ուր լոյս տեսած են հարիւրաւոր ուսումնական ձեռնարկներ, գիրքեր, հետազօտութիւններ 13 լեզուներով, իսկ գրադարանին մէջ տեղ գտած է աւելի քան 40 հազար գիրք: Անիկա յետագային տեղափոխուած է Երեւան եւ զետեղուած է Ազգային գրադարանին մէջ:

1921 թուին Լազարեան ճեմարանը վերակազմաւորուած է իբրեւ Մոսկովի արեւելագիտութեան հիմնարկ իսկ շէնքէն ներս, որ իր ունեցուածքով յանձնուած է Հայաստանին, սկսած է գործել Հայաստանի մշակոյթի տունը։

Այժմ ճեմարանի շէնքէն ներս տեղակայուած է Ռուսիոյ Դաշնապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: