×

Քննարկուած են հայ-գերմանական համագործակցութեան հեռանկարները՝ գիտահետազօտական, կրթական, մշակութային եւ այլ ուղղութիւններով

21.06.2024

Գերմանիոյ մէջ պաշտօնական այցով գտնուող Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը հանդիպած է Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման դաշնային նախարարութեան (BMZ) խորհրդարանական պետական քարտուղար Նիլս Անէնի հետ, ով նաեւ հայ-գերմանական միջկառավարական յանձնաժողովի՝ գերմանական կողմէ համանախագահն է: 

Ինչպէս յայտնած են Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութենէն, հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են նաեւ ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեանը եւ Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի նախագահ Սարգիս Հայոցեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան շարք մը ուղղութիւններ, մասնաւորապէս՝ ՄԿՈՒ ոլորտէն ներս GIZ-ի հետ համատեղ «Մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման մասին» Հայաստանի օրէնքի ընդունումը եւ ներկայիս ենթաօրէնսդրական վճիռներու մշակման, ինչպէս նաեւ երկակի կրթութեան ոլորտէն ներս կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ սերտ փոխգործակցութիւնը, ներառեալ՝ մասնաւոր ոլորտի ներգրաւման միջոցաւ:

Անդրադարձ կատարուած է «Ակադեմական քաղաք» ծրագրին եւ այս ծիրէն ներս գերմանական ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ յետագայ հնարաւոր աջակցութեան: Հետազօտական ծրագիրներու զարգացման ուղղութեամբ գերմանական կողմը կարեւորած է շինարարութեան ոլորտէն ներս հնարաւոր համագործակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին ԿԳՄՄ նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման դաշնային նախարարութեան խորհրդարանական պետական քարտուղար Նիլս Անէնին փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան հաշուետուութիւնը Լոռուայ եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ ջրհեղեղի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակի գնահատման վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուած է հնարաւոր աջակցութեան ինչպէս մարդասիրական իրավիճակներուն արձագանգման, այնպէս ալ կարողութիւններու զարգացման, օրինակ՝ կամուրջներու նախագծման, կլիմայի փոփոխութիւններու հետեւանքով անհրաժեշտ տուեալներու վերլուծութեան եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկման ուղղութեամբ: Նշուած է, որ կլիմայի փոփոխութիւններու ծիրէն ներս Հայաստանը կարիք ունի լրացուցիչ հետազօտական կարողութիւններու զարգացման:

Գերմանական կողմը հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի կառավարութիւնը կ’արձագանգէ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց ընկերային խնդիրներու կարգաւորման, եւ ինչ խնդիրներ կան այդ առումով: Նախարարը ներկայացուցած է Կառավարութեան ընկերային աջակցութեան ծրագիրները, ներառեալ՝ բռնի տեղահանուածներու կրթութեան, բնակարանային եւ այլ իրաւունքներու իրացման ուղղուած միջոցառումները՝ նշելով այս ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու համախմբման անհրաժեշտութիւնը:

Յաջորդաբար Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը հանդիպած է գերմանական խոշորագոյն գիտահետազօտական չորս ընկերութիւններէն մէկուն՝ HELMHOLTZ ընկերութեան նախագահ Օթմար Վիսթլէրի հետ:

Քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ ուժանիւթային ոլորտէն ներս համատեղ գիտական հետազօտութիւններու, կլիմայի փոփոխութիւններու եւ արհեստական բանականութեան միտուած ուսումնասիրութիւններու ուղղութեամբ: Կլիմայի փոփոխութիւններու ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս ԿԳՄՄ նախարարը անդրադարձած է վերջերս Հայաստանի Լոռուայ եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ տեղի ունեցած բնական աղետներուն՝ նշելով, որ Հայաստանի կրթական համակարգը այդ առումով կարողութիւններու զարգացման խնդիր ունի՝ հետազօտելու, տուեալները վերլուծելու եւ հնարաւոր աղետներու բացասական հետեւանքները նուազեցնելու ուղղութեամբ աւելի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն վարելու առումով:

Անդրադառնալով ուժանիւթային ոլորտէն ներս համագործակցութեան՝ նախարարը կարեւորած է այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու, մասնաւորապէս՝ արեւային ուժանիւթի ստացման ուղղութեամբ քննարկումներն ու գիտական հետազօտութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ HELMHOLTZ ընկերութեան հնարաւոր ներկայութեան Ակադեմական քաղաքին մէջ:

Գերմանական կողմը առաջարկած է ամառնային դպրոցներու փոխանակման ծրագիրներու իրականացում՝ երիտասարդ հետազօտողներու եւ գիտնականներու ներգրաւմամբ:

Նշենք, որ ներկայիս կ’իրականացուի համատեղ ծրագիր՝ հայ-գերմանական գիտական դրամաշնորհներու եւ հետազօտութիւններու շրջանակէն ներս, եւ առկայ է բաւականին յաջող համագործակցութիւն տարբեր ուղղութիւններով:

Յաջորդաբար հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Fraunhofer հիմնարկի, Piranha Arts ստեղծագործական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Fraunhofer հիմնարկի ներկայացուցիչ Պերթրամ Նիքոլայի հետ քննարկուած է «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկէն ներս համատեղ ծրագիր իրականացնելու հնարաւորութիւնը: Մասնաւորապէս՝ գերմանական կողմը հետաքրքրուած է Մատենադարանէն ներս Fraunhofer հիմնարկի կեդրոն կամ աշխատանոց մե ստեղծելու եւ ձեռագիրներու թուային վերականգնման հնարաւորութեամբ, ներառեալ՝ արհեստական բանականութեան կիրառմամբ:

Piranha Arts անկախ ստեղծագործական ընկերութեան եւ WOMEX – Worldwide Music Expo երաժշտական ցուցահանդէս-փառատօնի ղեկավար կազմերուն հետ քննարկուած է Հայաստանի մէջ միջազգային երաժշտական փառատօն իրականացնելու հնարաւորութիւնը:

Piranha Arts ընկերութեան պատասխանատուները, ներկայացնելով իրենց գործունէութիւնը, նշած են, որ անցեալ տարի Սպանիոյ մէջ իրենց կազմակերպած WOMEX 23 փառատօնի շրջանակէն ներս շուրջ 50-60 համերգներ եւ երաժշտական միջոցառումներ տեղի ունեցած են: Ի թիւս 105 երկրներու շուրջ 2750 վրհեստավարժ երաժիշտներու՝ WOMEX-23-ին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի պետական ‎ֆիլհարմոնիան, Հայաստանի պետական ճազ - նուագախումբը, «Հող արթուն» խումբը:

ԿԳՄՄ նախարարուհին կարեւորած է նմանօրինակ ծաւալուն հարթակի մը վրայ հայկական երաժշտական արուեստը ներկայացնելու հնարաւորութիւնն ու պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ընդունելու WOMEX-ի ներկայացուցիչները՝ համագործակցութեան շրջանակը քննարկելու համար