×

Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ ժողովուրդները արժանի են ազատ, ժողովրդավարական եւ եւրոպական ապագայի․ Թիխոնովսքայիա

21.06.2024

Պելառուսիոյ ընդդիմութեան առաջնորդ Սուետլանա Թիխոնովսքայիան X-ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման վերաբերեալ։

«Ինծի համար մեծ պատիւ էր Վիլնիւսի մէջ հանդիպիլ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայաստանին՝ Լուքաշենքոյի վարչակարգի նկատմամբ հաստատուն դիրքորոշման համար եւ յոյս կը յայտնեմ, որ Հայաստանի եւ մեր ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի: Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ ժողովուրդները արժանի են ազատ, ժողովրդավարական եւ եւրոպական ապագայի»,- գրած է Թիխոնովսքայիան: