×

Արարատ Միրզոյեանը եւ Լիթուանիոյ Սէյմի նախագահն ու խորհրդարանականները մտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացման հեռանկարներու շուրջ

21.06.2024

Յունիս 20-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում մը ունեցած է Լիթուանիոյ Հանրապետութեան Սէյմի նախագահ Վիքթորիա Քմիլինթէ-Նելսէնի հետ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Սէյմի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը եւ ԵԽԽՎ-ի մէջ պատուիրակութեան ղեկավարը։ Այդ մասին յայտնած են ԱԳՆ-էն:

Քննարկուած են երկու երկրներուն միջեւ գործընկերութեան յետագայ խորացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցեր:

«Ջերմութեամբ կը յիշեմ իմ նախորդ այցելութիւնս Լիթուանիա՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի կարգավիճակով. մեզ կը միաւորեն ինչպէս ամուր կապերն ու բարեկամութիւնը, այնպէս ալ ժողովրդավարական արժէքներն ու ատոնց յառաջմղման համար յաճախ յառաջացող մարտահրաւէրները»,- ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգի իրականացման արդիւնքով գրանցուած ձեռքբերումներուն։ Նախարար Միրզոյեանը իր երախտիքը յայտնած է այդ ճանապարհին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու դիմակայունութեան ամրապնդման ցուցաբերուող աջակցութեան համար։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցերու։

Արարատ Միրզոյեանը եւ Լիթուանիոյ Սէյմի նախագահն ու խորհրդարանականները մտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացման հեռանկարներու շուրջ՝ ինչպէս ընթացիկ ծրագիրներու յաջող կեանքի կոչման, այնպէս ալ առկայ գործիքակազմի կիրառման միջոցաւ նոր ուղղութիւններով էական յառաջընթաց գրանցելու ծիրէն ներս։ Կարեւորելով մարդոց միջեւ շփումներու ընդլայնումը, հայ երիտասարդներու աշխուժ ներգրաւումը Եւրոպական միութեան ծրագիրներուն մէջ՝ նախարար Միրզոյեանը շեշտած է ԵՄ-ի հետ մուտքի աարտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի կարեւորութիւնը։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգային հարցերուն՝ Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի տեսլականն ու ատոր կեանքի կոչման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը: Նախարար Միրզոյեանը ներկայացուցած է Հայաստանի ու Ատրպէճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայիս պատկերն ու խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի շուրջ քննարկումները։