×

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը. ԱԳՆ

21.06.2024

Հայաստանի ԱԳՆ-ը յայտարարութիւն մը տարածած է Պաղեստինի Պետութեան ճանաչման վերաբերեալ, որուն մէջ ըսուած է. 

«Կազայի մէջ տիրող աղետալի մարդասիրական իրավիճակը եւ շարունակուող ռազմական հակամարտութիւնը այսօր միջազգային քաղաքական օրակարգի՝ կարգաւորում պահանջող առաջնային խնդիրներէն մէկն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս կը մերժէ զինուած հակամարտութեան ընթացքին քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձանց պատանդառումն ու գերեվարումը եւ կը միանայ առանց նախապայմաններու զանոնք ազատ արձակելու միջազգային հանրութեան պահանջներուն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը միացած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր յանձնաժողովի բանաձեւերին, որոնք կոչ ուղղած են անյապաղ հրադադար հաստատելու Կազայի մէջ: Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկեղծօրէն շահագրգռուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ, հրեայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն միջեւ տեւական հաշտութեան կայացմամբ: Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ մենք մշտապէս հանդէս եկած ենք Պաղեստինեան հարցի խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորման օգտին եւ կը պաշտպանենք իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան լուծման՝ «երկու պետութիւն» սկզբունքը: Համոզուած ենք, որ ատիկա միակ ճանապարհն է՝ երաշխաւորելու, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլցիները կրնան իրականացնել իրենց օրինական ձգտումները:

Մեկնելով վերոնշեալէն եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդներու հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը»: