×

ԼՂ-էն տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանով պահովելու աջակցութեան ծրագրի շրջանակէն ներս առցանց դիմումներու ընդունումը կը շարունակուի. ԱՍՀՆ

21.06.2024

ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրի շրջանակէն ներս առցանց դիմումներու ընդունման գործընթացը կը շարունակուի։ Այդ մասին յայտնած են ԱՍՀ նախարարութենէն:

«Ծրագրի առաջին փուլի պայմանները բաւարարող շահառուները կրնան դիմում ներկայացնել բնակարանի կամ անհատական բնակելի տան ձեռքբերման հաւաստագրի տրամադրման համար։

Դիմումի լրացման քայլերուն յաջորդականութիւնը՝ ստորեւ․

ՔԱՅԼ 1․ Անհրաժեշտ է մուտք գործել հետեւեալ յղումով՝ https://housing.socservice.am/ 

ՔԱՅԼ 2․ Ընտրել «Բնակարանի կամ կառուցուող շէնքէն բնակարան գնելու իրաւունքի կամ անհատական բնակելի տան ձեռքբերում» պատուհանը, ապա սեղմել «Դիմել» կոճակին վրայ։

ՔԱՅԼ 3. Առաջարկուող տարբերակներէն անհրաժեշտ է ընտրել այն թիրախային խումբը, որուն կը պատկանի դիմողին ընտանիքը։ Այնուհետեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացակարգին եւ պահանջուող փաստաթուղթերուն ծանօթանալէ ետք պէտք է նշել «Կարդացած եմ» կոճակը։

ՔԱՅԼ 4․ «Դիմումատուի տուեալներ» բաժինին մէջ անհրաժեշտ է լրացնել հանրային ծառայութիւններու համարանիշը (սոցիալական քարտին համարը) կամ ՀԾՀ չունենալու մասին տեղեկանքի համարը, ապա նշել անուն, ազգանուն եւ սեղմել «Նոյնականանալ» կոճակին վրայ։

ՔԱՅԼ 5․ Նոյնականացումէն ետք համակարգը ինքնաշխատ եղանակով պիտի լրացնէ դիմումատուի հայրանունը, ծննդեան ամսաթիւը, անձը հաստատող փաստաթուղթի տուեալները եւ հաշուառման հասցէն, որմէ ետք պիտի պահանջուի լրացնել կապի տուեալներ՝ բջիջային հեռախօսահամար եւ ել․ փոստի հասցէ։

ՔԱՅԼ 6․ Այնուհետեւ, անձի հաշուառման եւ փաստացի բնակութեան հասցէները համընկնելու պարագային, դիմումատուն կրնայ նշել «Այո» տարբերակը եւ անցնիլ յաջորդ դաշտերու լրացման։ Իսկ եթէ հաշուառման հասցէն եւ փաստացի բնակութեան հասցէն չեն համընկնիր, ապա ընտրելով «Ոչ» տարբերակը՝ անձը կրնայ լրացնել իր փաստացի բնակութեան հասցէն։

ՔԱՅԼ 7․ «Աւելցնել ընտանիքի անդամ» կոճակին վրայ սեղմելու ատեն դիմումատուն հնարաւորութիւն ունի նշելու իր ընտանիքի անդամները` լրացնելով անձնական տուեալներ։ Ընտանիքի անդամին յաջողութեամբ նոյնականացնելէ ետք՝ համակարգը ինքնաշխատ եղանակով պիտի լրացնէ անձին հայրանունը, ծննդեան ամսաթիւը, անձը հաստատող փաստաթուղթին տուեալները։ Այնուհետեւ համակարգը պիտի պահանջէ նշել ազգակցական կապը դիմողին նկատմամբ, ապա ընտրել փաստացի բնակութեան վայրին վերաբերեալ հարցին պատասխանը։

ՔԱՅԼ 8․ Բոլոր տուեալները լրացնելէ ետք անհրաժեշտ է կատարել համապատասխան դաշտէն ներս նշում՝ հաւաստելով, որ լրացուած տուեալները ճշգրիտ են եւ սեղմել «Հաստատել» կոճակը։

Դիմումի՝ յաջողութեամբ մուտքագրուելու վերաբերեալ ծանուցումը շահառուն պիտի ստանայ անմիջապէս։ Եթէ կան դաշտեր, որոնք ամբողջական լրացուած չեն, ապա «Հաստատել» կոճակը սեղմելուն պէս՝ հարթակի համապատասխան դաշտերուն մէջ պիտի յայտնուին նշումներ եւ դիմումատուն պիտի կարենայ վերանայիլ իր մուտքագրած տուեալները»,- նշուած է ֆէյսպուքի վրայ կատարուած գրառման մէջ։