×

Մոսկուայի մէջ կայացած է Մարիքա Գէորգեանի «Ես այլեւս այստեղ չեմ ապրիր» գիրքին շնորհանդէսը

20.06.2024

Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մշակոյթի բաժնի նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Մարիքա Գէորգեանի «Ես այլեւս այստեղ չեմ ապրիր» գիրքին շնորհանդէսը։  

Գրական միջոցառման բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մշակոյթի բաժնի ղեկավար Վլատիմիր Կապպէն, ով նշած է, որ բաժնի 6 տարուան գործունէութեան ընթացքին շնորհանդէսը յոբելեանական 200-րդ միջոցառումն է։  

«Գիրքին մէջ պատկերուած է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը՝ իր հնամենի շէնքերով ու կերպարներով։ Այստեղ իւրաքանչիւրս կրնանք գտնել մեզ»,- նշած է ան։  

Հեղինակ Մարիքա Գէորգեանի խօսքով՝ գիրքին մէջ զետեղուած են տարբեր տարիներուն գրուած պատմուածքներ, նորավէպեր եւ ֆիլմապատումներ: «Ստեղծագործութիւններու մեծ մասին գործողութիւնները կը ծաւալին Հայաստանի մէջ, իսկ կերպարները ներկայացուած են ժամանակի համապատկերին մէջ։ Այստեղ էականը այն է, որ պատմութիւններէն շատերը իրական, յաճախ նաեւ իմ կեանքիս դրուագներն են, ուր այս կամ այն ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած մարդը ի վերջոյ որոշում կայացուցած է արժէքի՝ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ օգտին»,- ընդհանրացուցած է Գէորգեանը։ 

Շնորհանդէսին ընթացքին գիրքէն դրուագներ ընթերցուած են։ 

Մարիքա Գէորգեանը ծնած է Երեւանի մէջ։ Դպրոցը աւարտելէ ետք մեկնած է Մոսկուա, ընդունուած է ֆիլմագիտութեան համառուսական պետական հիմնարկ եւ զայն աւարտած է  երեք մասնագիտութիւններով՝ բեմագիր, ֆիլմի եւ հեռատեսիլի արտադրող, բեմագրութեան եւ ստեղծագործական առարկաներու ուսուցիչ։ Մարիքան կ’ապրի եւ կ’աշխատի Մոսկուայի մէջ։ ֆիլմի բեմագիր է, ֆիլմի բեմագրային վարպետութեան եւ բեմագրութեան դասախօս, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ֆիլմագէտներու միութեան անդամ: Ան նաեւ շարք մը գիտական յօդուածներու հեղինակ է։