×

Փաշինեանը՝ աղետէն տուժած բնակիչներուն փոխհատուցում տրամադրելու բանաձեւին մասին

14.06.2024

Կառավարութեան՝ յունիս 14-ի նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ աղետէն տուժածներուն փոխհատուցում տրամադրելու հարցին: Ըստ անոր՝ պէտք է մշակել սկզբունք, վերհանել առարկայական տուեալներ, օրինակ՝ ըստ հեղեղի ուժգնութեան գօտիներու՝ 1 քառակուսի մեթրին համար չափանիշ բանաձեւ, եւ ատոր հիման վրայ փոխհատուցում տրամադրել:

«Պէտք չէ տարածք բանալ, որպէսզի պարզուի հեռատեսիլը, որ վնասուած է, 200 հազար դրա՞մ կ’արժէր, թէ՝ 3 միլիոն դրամ: Մեզ ատիկա չէտք չէ հետաքրքրէ: Մենք պիտի չմտնենք նման բաներու մէջ: Բնակարանը տուժած է, մենք գործակիցը կու տանք, որովհետեւ մէկուն աթոռը կրնայ կաղնիի փայտէ պատրաստուած ըլլալ, միւսին աթոռը կրնայ աւելի թանկ կամ աւելի աժան փայտէ ըլլալ, մէկուն աթոռը կրնայ 50 տարուայ արտադրութեան ըլլալ, միւսինը՝ 3: Բնական աղետ է, մենք պէտք է քառակուսի մեթրով ըսենք, որ մենք 1 քառակուսի մեթրին համար այսքան փոխհատուցում կը տրամադրենք, որուն մէջ կը մտնէ ամէն ինչ»,- նշած է Փաշինեանը:

Համաձայն վարչապետի յանձնարարութեան՝ Քաղաքաշինութեան կոմիտէն արդէն իսկ բանաձեւը մշակած է, յանձնաժողովէն ներս պիտի քննարկուի, եւ յառաջիկային ներկայացուի վերջնական տարբերակը: