×

Մեկնարկած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն բնակարանային ապահովման աջակցութեան ծրագիրը

14.06.2024

Սկսած են ընդունուիլ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրին մասով դիմումները: Յայտերը կը լրացուին առցանց հարթակի վրայ, անձամբ ԱՍՀՆ այցելելու կարիք չկայ: Այդ մասին որոշման նախագիծը Կառավարութեան՝ յունիս 14-ի նիստին ներկայացուցած է ԱՍՀ նախարարի տեղակալ Դաւիթ Խաչատրեանը՝ նշելով, որ ասիկա այն յանձնարարականին կատարումն է, որ պէտք է ներկայացուէր մինչեւ յունիս 15-ը:

«Կը կարծեմ, որ բաւարար իրազեկուածութիւն ունին քաղաքացիները, որովհետեւ ասիկա ամէնէն սպասուած ծրագիրն է»,- ըսած է նախարարին տեղակալը:

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Կառավարութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն՝ իրենց ընկերային խնդիրները հասցէագրելու հարցին մէջ:

«Ասով, ըստ էութեան, կ’արձանագրենք, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն բնակարանային ապահովման ծրագիրը մեկնարկած է, այսինքն՝ մտնած է գործնական հանգրուան: Որոշման շատ կարեւոր եւ անբաժանելի մաս է, որ այս ծրագրին շահառու դառնալու համար պէտք է դիմեն այն անձերը, որոնք ունին Հայաստանի քաղաքացութիւն, այս ընթացքին դիմած են եւ ստացած են Հայաստանի քաղաքացութիւն»,- ըսած է վարչապետը:  

Կառավարութիւնը հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն բնակարանային ապահովման ծրագրի իրականացման կարգը: Դիմումներ կ’ընդունուին բնակարան գնելու, յուլիս 15-էն՝ կառուցապատելու համար: Օգոստոս 1-էն ալ նախարարութիւնը պիտի ընդունի այն քաղաքացիներուն դիմումները, որոնք ունին գործող բնակարանային վարկեր: Ծրագրին առաջին հանգրուանին պիտի ընդգրկուին 3 եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքները, տան կառուցման պարագային՝ 2 անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքները, տարբեր խոցելի խումբեր ունեցող ընտանիքները, գործող բնակարանային վարկ ունեցողները կամ որեւէ այլ կազմի ընտանիքները, որոնք կը համարուին վարկունակ, եւ աջակցութեան առնուազն 50 տոկոս լրացուցիչ վարկը պիտի ստանան դրամատունէն: Երկրորդ հանգրուանին պիտի ընդգրկուին 2 անչափահաս երեխայ ունեցող, տան կառուցման պարագային՝ 1 անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքները: Երրորդ հանգրուանին պիտի ընդգրկուին որեւէ կազմով ընտանիքները: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ ծրագիրը երկարաժամկէտ է, կարեւոր համարած է պատշաճ իրազեկումը: