×

Անահիտ Մանասեանն ու Քրիստոֆեր Ճ. Անտերսոնը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան

13.06.2024

Հայաստանի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանը յունիս 12-ին ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ աշխատանքի պիւրոյի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տնօրէն Քրիստոֆեր Ճ. Անտերսոնը։ Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական հարցերով պատասխանատու Սքոթ Մուռը եւ քաղաքական հարցերով մասնագէտ Իրինա Մկրտչեանը։ 

ՄԻՊ-էն յայտնած են, որ Անահիտ Մանասեանը հիւրին ներկայացուցած է մարդկային իրաւանց պաշտպանի լիազօրութիւններու շրջանակը՝ որպէս սահմանադրական մարմին, աշխատանքային առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայիս Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտէն ներս առկայ մարտահրաւէրները, անդրադարձած է ատելութեան խօսքի, խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներուն։

Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անձամբ մարդկային իրաւանց պաշտպանին եւ աշխատակազմին կողմէ իրականացուած փաստահաւաք աշխատանքներուն։ Այս ծիրէն ներս Անահիտ Մանասեանը նշած է, որ առաջին իսկ օրէն աշխոյժ կերպով ներգրաւուած է այդ աշխատանքներուն մէջ. աշխատակազմին հետ այցելած է Գորիս, Կոռնիձոր եւ Վայք` աշխատանքներն իրականացնելով նաեւ գիշերային ժամերուն։

Փաստագրուած տեղեկութիւններն ամփոփուած են մարդկային իրաւանց պաշտպանի արտահերթ զեկոյցին մէջ, որ իսկութիւնն ապացուցող խորհրդապահական հատուածով պաշտպանին կողմէ ներկայացուած է մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան լիազօրութիւն ունեցող միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դերակատարներուն։

Հանդիպման շրջանակներէն ներս պաշտպանը ներկայացուցած է նաեւ Լոռիի մարզի աղետի գօտիին մէջ իրականացուցած փաստահաւաք աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, նշած է, որ աշխատակազմի ներկայացուցիչներուն հետ այցելած է հեղեղումներէն տուժած բնակավայրեր, առանձնազրոյցներ ունեցած է աւելի քան 50 բնակիչներու հետ, ներառեալ` տարհանուած ընտանիքներուն: 

Ի թիւս այլնի, քննարկուած են  հաւաքներու ազատութեան իրաւունքին, խոշտանգումներուն եւ վատ վերաբերմունքի այլ ձեւերուն վերաբերող գործերու քննութեան ծիրէն ներս առկայ խնդիրները։

Իր հերթին Քրիստոֆեր Ճ. Անտերսոնը շնորհակալութիւն յայտնած է պաշտպանին ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ քննարկման համար։