×

Կլենտէյլի քաղաքապետը պիտի ժամանէ Հայաստան

11.06.2024

ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Էլէն Ասատրեանը յունիս 11-էն 20 պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ՝ մասնակցելու ԱՄՆ արտաքին տերատեսչութեան եւ ԱՄՆ քաղաքապետներու եւ քաղաքներու գործադիր մարմիններու կողմէ կազմակերպուած ԱՄՆ-ՀՀ տեղական ժողովրդավարութեան համաժողովին։

Ինչպէս յայտնած են Էլէն Ասատրեանի գրասենեակէն, Կլենտէյլի քաղաքապետը Երեւան պիտի ժամանէ յունիս 11-ին։ Այցելութեան նպատակն է երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդումը, տնտեսական հնարաւորութիւններու ուսումնասիրումը եւ Կլենտէյլի ու Հայաստանի միջեւ մշակութային ու կրթական փոխանակումներուն աջակցիլը։

Էլէն Ասատրեանը պիտի այցելէ նաեւ Գիւմրի, հնարաւոր է, նաեւ Կապան, եթէ ժամանակը ներէ։ Այցելութեան ընթացքին Կլենտէյլի քաղաքապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնեաներուն, լրատուամիջոցներու, գործարարներու, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Ասատրեանը պիտի մասնակցի նաեւ քննարկումներու, որոնք կեդրոնացած պիտի ըլլան Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Կլենտէյլի քոյր քաղաքներու հետ կապերը ամրապնդելու, ժողովրդավարութեան, կայուն զարգացման, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան եւ արհեստագիտական համագործակցութեան վրայ։

Անդրադառնալով Հայաստան կատարելիք այցելութեան՝ Էլէն Ասատրեանը շեշտած է, որ ոգեւորուած է որպէս Կլենտէյլի քաղաքապետ իր ծննդավայր վերադառնալու առթիւ