×

Քարտիֆի եւ Լոնտոնի մէջ կայացած են Կոմիտասի ծննդեան 155-ամեակին նուիրուած համերգ-ցուցահանդէսներ

11.06.2024

«Քլինկէն երգչախումբը եւ մշակութային ընկերակցութիւնը (KCCA)՝ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ուելսի Հայ համայնքային կեդրոնի հովանու ներքոյ յունիս 8-ին, Ուելսի մայրաքաղաք Քարտիֆի Սուրբ Գերման եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուցած է լայնածաւալ համերգ-ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 155-ամեակին: Միջոցառման հեղինակն ու ղեկավարն էր «KCCA»-ի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սիփան Օլահը։

Երաժիշտները եւ հանդիսատեսներու խումբ մը Լոնտոնէն այցելած են Ուելսի Քարտիֆ քաղաքի Խաղաղութեան տաճարի այգի, ծաղիկներ խոնարհեցուցած եւ յարգանքի տուրք մատուցած են Քարտիֆի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշակոթողին առջեւ:

Ուելսի Հայ համայնքային կեդրոնի (ACCW) հիմնադիր Ճոն Թորոսեանը ներկայացուցած է  յիշատակի խաչքարը կանգնեցնելու պատմութիւնը, որ անոր նախաձեռնութեամբ տեղադրուած է Խաղաղութեան տաճարի պարտէզին մէջ 2007 թուականին՝ ի յիշատակ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։

«Այնուհետեւ Լոնտոնէն ժամանած այցելուներուն խումբը զբօսնեց քաղաքին կեդրոնը՝ այցելելով Քարտիֆի ամրոցը, Ուելսի Թագաւորական երաժշտական ակադեմիան եւ շարք մը այլ պատմամշակութային վայրեր:

Սուրբ Գերմանի եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն եւ ցուցահանդէս, որուն յաջորդեց համերգ պատմական Սուրբ Գերման եկեղեցւոյ մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 18-19-րդ դարերու Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն ներս հայ ոսկերիչներու ձեռքով պատրաստուած արծաթեայ զարդեր, արուեստի իւրայատուկ նմուշներ։ Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէր Կոմիտասի ձեռագիրներու, ձայնագրութիւններու եւ գիրքերու, ձայնանիշներու ու խազերու բացառիկ ցուցահանդէսը։ Կարճ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչ, նկարչուհի Մարիամ Թորոսեանը, որ կը բնակի եւ կը ստեղծագործէ Քարտիֆի մէջ։

Միջազգային ճանաչում ունեցող երաժիշտներ Սիփան Օլահը ՝ խմբավար/թենոր/դաշնամուր, համերգի ղեկավար, Եւկենիա Թերենթիեւան՝ դաշնամուր, Հայարփի Եղիկեանը՝ սոփրանո, Նարինէ Մալխասեանը՝ սոփրանո, Էլվիրա Մարգարեանը՝ սոփրանո, Հելէն Ռոթշէլը՝ մեցո-սոփրանո, Յակոբ Ժաք Մուրատեանը – բարձրասրինգ, հանդէս եկան մենակատարումներով։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Քլինկէն երգչախմբը եւ վոքալ խումբը։ Եւս մէկ հիանալի նախաձեռնութիւն իրականութիւն դարձաւ՝ հայ երաժշտական ժառանգութեան մեծագոյն գիտակի, անոր անմահութեան մաքրագործուած եւ յղկուած  պատառիկները փրկողի, պարզապէս հանճարեղ երգահանի՝ Կոմիտասի անմահ երաժշտական ​​ժառանգութիւնը մէկ համերգով ներկայացնելու։

Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը ելոյթ ունեցաւ Կոմիտասի եւ անոր թողած թանկագին մշակութային ժառանգութեան մասին։ Ան կարեւորեց Ուելսի հասարակութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ ամուր կապը, համագործակցութիւնն ու բարեկամութիւնը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քլինկէն Երգչախումբին եւ Մշակութային ընկերակցութեան՝ գլխաւորութեամբ մաէսթրո Սիփան Օլահի եւ Ուելսի Հայ համայնքային կեդրոնի՝ մեծն Կոմիտասի երաժշտութեան արհեստավարժ ներկայացման եւ աւելի քան 22 ստեղծագործութիւններու կատարումներու համար։

Ուելսի Հայ Համայնքային կեդրոնի (ACCW) հիմնադիր Ճոն Թորոսեանը յոբելեանական այս բացառիկ միջոցառման համար յատուկ Կոմիտասի անուան շքանշան-մետալներ յանձնեց մաէսթրո Սիփան Օլահին եւ նորին գերազանցութիւն դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին։ Ճոն Թորոսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց «KCCA»-ին հայ երաժշտութիւնն ու արուեստը Մեծ Բրիտանիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ներկայացնելու եւ հանրահռչակելու շարունակական եւ նուիրուած աշխատանքին համար։

Ուրախ ենք նշելու, որ միջոցառման հիւրեր էին Սթիուին Թոմասը, Հայր Նիքոլասը եւ լէյպորիստ պատգամաւոր Սթիուին Տաութին, ինչպէս նաեւ հայ եւ ուելսցի երաժշտասէր հանդիսատեսը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին՝ միջոցառումները փայլուն հնարաւորութիւն էին առաջին անգամ ականատես ըլլալու Ուելսի մէջ Կոմիտասին նուիրուած մեծածաւալ համերգ-ցուցահանդէսի