×

«Երգ եւ քնարերգութիւն՝ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրին» խորագիրը կրող գիտաժողով՝ Սորպոնի համալսարանին մէջ

11.06.2024

Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ յունիս 7-ին եւ 8-ին Սորպոնի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Երգ եւ քնարերգութիւն՝ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրին» խորագիրը կրող գիտաժողով։ Այդ մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

Գիտաժողովը կազմակերպուած է Սորպոնի համալսարանի դասախօս, ֆրանսական եւ համեմատական ​​գրականութեան փրոֆեսոր, Համեմատական գրականութեան ֆրանսական կեդրոնի գիտաշխատող, Պեռնար Ֆրանքոյի, «Ազնաւուր» հիմնադրամի եւ «Ֆրանսական գրականութեան օրեր» ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ։

Երկօրեայ գիտաժողովի բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Միշա Ազնաւուրը, գիտաժողովի նախաձեռնող, Սորպոնի համալսարանի դասախօս Պեռնար Ֆրանքոն, գրական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, ուսանողներ, հիւրեր։

Գիտաժողովին Ազնաւուրին՝ որպէս երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, դերասան, ​​ստեղծագործութիւններուն վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկած են Ֆրանսայի եւ միջազգային համալսարաններու անուանի ակադեմիկոսներ, գրականագէտներ, երաժշտագէտներ։

Դեսպան Տոլմաճեանն իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է Սորպոնի համալսարանին գիտաժողովի հիւրընկալման, ինչպէս նաեւ բանախօսներուն՝ հարուստ եւ հետաքրքրական քննարկումներուն համար, անդրադարձած աշխարհահռչակ մեծանուն արուեստագէտին բանաստեղծական եւ երաժշտական ու դերասանական ստեղծագործական հարուստ գործունէութեան, ընդգծած անոր յիշատակի ոգեկոչման, ինչպէս նաեւ անոր ինքնատիպ ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը։

Շեշտած է ինքզինք 100 տոկոս հայ եւ 100 տոկոս ֆրանսացի համարող մեծանուն գործիչին անմնացորդ նուիրումն ու դերը հայ ժողովուրդին համար կարեւոր հարցերուն մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, 1988 թուականին Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած պատմական անարդարութեան ծիրէն ներս։

Գիտաժողովի շրջանակէն ներս Սորպոնի համալսարանին մէջ կազմակերպուած է Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած համերգ՝ երգչուհի, դերասանուհի Ժոանա Մանտիլին կատարմամբ եւ 1994 թուականէն ի վեր Շարլ Ազնաւուրի խմբավար, երգահան, դաշնակահար Էրիք Ուիլմսին նուագակցութեամբ:

Գիտաժողովը կազմակերպուած է «L’Harmattan» հրատարակչութեան կողմէ հրապարակուող «L'Orizzonte»  ժողովածոյի տնօրէն Ճովանի Տոթոլիին հետ համագործակցաբար։