×

Փարիզի մէջ Շարլ Ազնաւուրի անունով հրապարակ անուանակոչուած է

23.05.2024

Փարիզի քաղաքապետարանը աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի անունով  անուանակոչած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի 8-րդ թաղամասի հրապարակը, որ քաղաքի պատմական կեդրոնը կը գտնուի՝ Ելիսէեան դաշտերուն մէջ։ 

Քաղաքային խորհուրդն այդ կերպով որոշած է յարգանքի տուրք մատուցել Ազնաւուրին, որուն երգերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է Փարիզը։

Արուեստագէտին ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառման ներկայ գտնուած են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Ազնաւուրի հարազատներն ու ընկերները։

Ազնաւուրի անունով հրապարակն անուանակոչելու որոշումը Փարիզի քաղաքային խորհուրդն ընդունած էր 2023 թուականի դեկտեմբերին։ 2021 թուականին անոր կիսանդրին բացուած է Փարիզի Օտէոն թաղամասին  մէջ, ուր Ազնաւուրն անցուցած է իր մանկութիւնը։

Շարլ Ազնաւուրը կեանքէ հեռացած է 2018 թուականի հոկտեմբեր 1-ին: Ազնաւուրը ոչ  միայն փայլուն արուեստագէտ էր, այլեւ բանաստեղծ, երգահան, որ ծնած էր Փարիզ՝ հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ:

Ազնաւուրն աւելի քան հազար երգի համահեղինակ է։ Անոր ձայնագրութիւններն ամբողջ աշխարհի մէջ վաճառուած են 180 միլիոն օրինակով: Ազնաւուրը խաղացած է աւելի քան 60 ֆիլմի մէջ: