×

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը հանդիպած է Պելճիքայի ընտրութիւններուն առաջադրուած հայ թեկնածուներուն հետ

20.05.2024

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դեսպան, Եւրամիութեան մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Տիգրան Բալայեանը հանդիպում մը ունեցած է Պելճիքայի մէջ կայանալիք շրջանային, դաշնային եւ եւրոպական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայ թեկնածուներ Աննա Յովսէփեանի, Արմինէ Յարէեանի, Նիկոլայ Դաւիթեանի, Լիաննա Դաւթեանի եւ Գայիանէ Բերտրանի հետ:

Դեսպան Բալայեանը թեկնածուներուն ներկայացուցած է Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային դրութիւնը, տարածաշրջանային քաղաքական մօտեցումները, անդրադարձած է բռնի տեղահանուած արցախահայութեան կարիքներու հասցէագրման ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրներուն եւ Ատրպէճանի հետ սահմանագծման գործընթացին:

Դեսպան Բալայեանի խօսքով` Պելճիքայի յառաջիկայ ընտրութիւններուն հայազգի պատգամաւորներու այսչափ ներկայանալի մասնակցութիւնը հայ համայնքի 100-ամեայ համարկեցութեան վառ արտացոլումն է, ինչ որ պէտք է տեսանելի եւ հնչեղ ըլլայ ողջ հայութեան շրջանակներէն ներս:

Պատգամաւորի թեկնածուները իրենց հերթին պատմած են նախընտրական քարոզարշաւի մանրամասնութիւններուն եւ ընտրութիւններուն հնարաւոր արդիւնքներուն մասին, իւրաքանչիւրը ներկայացուցած է իր կուսակցութեան հնարաւորութիւններն ու գրանցած յաջողութիւնները: Թեկնածուները խոստացած են ընտրուելու պարագային Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող հարցերը մշտապէս պահել ուշադրութեան կեդրոնին եւ բարձրաձայնել նշեալ հարցերը բոլոր հնարաւոր հարթակներուն վրայ:

Հանդիպման աւարտին դեսպան Տիգրան Բալայեանը բոլորին յաջողութիւն մաղթած է: