×

«Սուրճի մայրաքաղաք» կամ «Հրաշքներու քաղաք». Քոլոմպիական Արմենիոյ մէջ մշտապէս հիւրասիրութեան մթնոլորտ կը տիրէ

17.02.2021

Հարաւային Ամերիկայի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն եւ Քոլոմպիոյ խոշորագոյն զբօսաշրջային կեդրոններէն մէկը կը կրէ Արմենիա անունը։ Տարբեր վարկածներ կան քաղաքի անուան ծագումին վերաբերեալ։ Անիկա իր անունը ստացած է 1880 թուին կալուածքի մը անունէն, որուն տէրերը հայեր եղած են, սակայն միայն 9 տարի անց է որ անոր շնորհուած է քաղաքի կարգավիճակ։ Նոր բնակավայրը անուանակոչած են Վիլա Օլկին՝ ի պատիւ այդ թուականներուն գործող նախագահ Քարլոս Օլկին Մալիարինոյին: Տարիներ անց՝ Համիտեան ջարդերէն, ապա 1915 թուի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, քաղաքը վերանուանած են Արմենիա` ի յիշատակ նահատակուած հայերուն։

1972 թուին Քալիֆորնիոյ հայ գործարարները քաղաքին մէջ հիմնած են բարեգործական կազմակերպութիւն մը։ Անոնց պատուոյն՝ քաղաքի փողոցներէն մէկը անուանակոչած են «Մովսիսեան եւ Սամուէլեան»։

Քոլոմպիոյ մէջ 1999 թուին տեղի ունեցած խոշոր երկրաշարժի կեդրոնը Արմենիա քաղաքն էր։ Աղետէն ետք քաղաքը օգնութիւն կը ստանար տարբեր երկրներէ, սակայն հայերուն օժանդակութիւնը առանձնապէս մեծ էր։ Այդ տարիներուն Քոլոմպիոյ նախագահ Էռնեստօ Սամփերը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է այս առթիւ։ «Մենք շնորհակալ ենք հայերուն, որոնք մեզի օգնեցին այդ դժուար ժամանակներուն», - ըսած է ան։ Հայերուն օգնութիւնը պարզապէս դրամական չէր։ Մեծ խումբերով արժանթինահայեր ներգրաւուած էին նաեւ քաղաքի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ։

Ըստ աւանդոյթի՝ Քոլոմպիական քաղաքներն ունին 2 անուն։ Արմենիոյ երկրորդ անունը  «Հրաշքներու քաղաք» է։ Այստեղ մշտապէս կը տիրէ հայերուն բնորոշ հիւրասիրութեան ու ընկերասիրութեան մթնոլորտը։ Քոլոմպիոյ այլ քաղաքներու շատ բնակիչներ կը նախընտրեն նոյնինքն Արմենիոյ մէջ անցընել հանգստեան օրերը։

Սուրճի համաշխարհային հռչակը բեկումնային եղաւ Քոլոմպիոյ տնտեսական ոլորտին համար։ Արմենիոյ մէջ բացուեցաւ աշխարհի միակ սուրճի թանգարանը։ Պատահական չէ, որ անիկա կ’անուանեն նաեւ Քոլոմպիոյ «սուրճի մայրաքաղաք», քանի որ սուրճի արդիւնաբերութեան յառաջխաղացումով պայմանաւորուած է քաղաքին արագ զարգացումը։ Զբօսաշրջիկները ոչ միայն կրնան հետեւիլ անուշաբոյր սուրճի պատրաստման գործընթացին, այլեւ մասնակցիլ ատոր մէջ։ Ամէն տարի յունիս 27-ին երկրէն ներս տօն է. քոլոմպիացիները կը նշեն Սուրճի ազգային օրը՝ երթերով ու փառատօնով, որուն մասնակցելու համար հազարաւոր զբօսաշրջիկներ տարբեր երկրներէ Քոլոմպիա կու գան։