×

Լիբանանահայ Շանթ Տիշակճեանի ընտանիքը տեղափոխուած է հայրենիք. Ի՞նչ խնդիրներ լուծած է պետութիւնը

21.01.2021

Եւս մի քանի ամիս եւ Շանթը մշտական բնակութիւն կը հաստատէ Հայաստանի մէջ։ Ընտանիքն արդէն Լիբանանէն տեղափոխուած է հայրենիք։ Պետութեան աջակցութեամբ անոնք արագ յարմարած են իրենց նոր առօրեային։

Գացի, որ օտար տեղ մը չեմ եկած, իմ տունս եկած եմ, երբ հեռախօսս կը վերցնէի եւ կը զանգէի մի քանի առկայ թիւերով, որ գիտնամ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ կամ չընեմ, ո՛ւր պէտք է դիմեմ կամ չդիմեմ, եղբօր պէս իրար հետ կը զրուցէինք եւ գաղափարներ կու տային”։

Շանթը Պէյրութի պայթումին տուժածներէն է։ Այդ պահուն փողոցն էր, երբ փշրուած ապակիներու կտորները թափեցան անոր գլխուն վրայ եւ վնասուածքներ ստացաւ։ Երբ ընտանիքը բերաւ Հայաստան, Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակէն անոր առաջարկեցին բժշկական զննումէ անցնիլ եւ անվճար վիրահատուիլ։

Կրնամ ըսել, որ մեզի բաւական օգնած է պարոն Յովհաննէսը։ Ինծի ուղարկեց Իզմիրլեան բժշկական կեդրոն, որ տեսնենք, թէ ուսս ի՛նչ պէտք է ընենք"։

Հիմա անոր կը մտահոգէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Լիբանանի մէջ կուտակած դրամական միջոցները՝ առանց կորուստներու տեղափոխել Հայաստան”։

Այս մէկը մեր՝ լիբանահայերուս համար շատ դժուար է։ Ես մարդիկ կը ճանչնամ, որոնք տուն, հող առած են՝ ամսավճարով կամ այլ կերպ, կը ցանկան իրենց դրամը Հայաստան բերել, բայց մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպին"։

Շանթ Տիշակճեանը Պէյրութի մէջ փոքրիկ կրպակ մը ունի։ Այս տարի ամրան անիկա պիտի թողու եւ վերադառնայ հայրենիք՝ ընտանիքին հետ ապրելու”։