×

Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարան

11.01.2021

Եթէ երբեւէ գտնուիք Պուլկարիոյ մէջ, որպէս ճամբորդական հետաքրքրական ուղղութիւն, ընտրեցէ՛ք Վառնա քաղաքը, ուր կը գտնուի հայ զօրահրամանատար, պետական գործիչ, հայտուկապետ Անդրանիկ Օզանեանի (Զօրավար Անդրանիկ) տուն-թանգարանը։ Մեծն զօրավարը Պուլկարիոյ իր առանձնատան մէջ ապրած է մի քանի տարի։ Անիկա Անդրանիկ Օզանեանի առանձնատուներէն միակն է, որ պահպանուած է Պուլկարիոյ հայերու միութեան ջանքերով: Ոչ ԱՄՆ-ի, ոչ ալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ անոր տուները չեն պահպանուած։ Վառնայի տունը զօրավարը կառուցած է 1900-ականներուն։ Այդ տարիներուն Անդրանիկը եկած է Պուլկարիա. որպէս բարձր դիրք ու հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւն՝ իշխանութիւնները անոր հողամաս մը յատկացուցած են՝ առանձնատուն կառուցելու թոյլտուութեամբ: Տարածքը մեծ եղած է, եւ զօրավարը նպատակայարմար գտած է մէկ մասը նուիրաբերելու ուրիշներին։

2013 թուականին տունը գնուած է Պուլկարիոյ հայերու միութեան նախագահ Յարութիւն Յովսէփեանի շնորհիւ, որ նաեւ իր անձնական միջոցներով ձեռնամուխ եղած է առանձնատան պահպանումին, քանի որ հակառակ պարագային, անիկա պիտի քանդուէր եւ փոխարէնը կառուցուէր սովորական բնակելի շէնք մը։

Առանձնատան մէջ պահպանուած է կահոյքը, որ յետագային մշակուած է, կարգի բերուած է, տարածքը խնամքով վերականգնուած է։

Պուլկարիայէն բերուած փաստաթուղթեր, նամակներ, ձեռագիրներ, գործիքներ, թերթեր, գիրքեր, շքանշաններ, ներառեալ նաեւ՝ մարտական թուրը, այժմ կը պահուին Երեւանի «Զորավար Անդրանիկ» թանգարանէն ներս։