×

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթ

11.01.2021

Լիբանանի մէջ հայկական հետքի մասին վկայութիւնները կը փաստեն երկրէն ներս հայերուն ներկայութեան մասին դեռեւս ՔԱ առաջին դարէն սկսեալ։ Ժամանակակից լիբանանահայ համայնքը ձեւաւորուած է հիմնականին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ շարունակած է աշխուժանալ անկէ ի վեր։

Հայերը, յատկապէս Լիբանանի անկախութենէն ետք, կրցած են աչքի զարնել ոչ միայն տնտեսութեան, մշակոյթի, այլեւ քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս: Երկրի տարբեր տարիներուն գումարուած խորհրդարաններէն ներս հայկական համայնքը մշտապէս ներկայացուած եղած է իր երեսփոխաններով, իսկ կառավարութեան կազմին մէջ՝ հայազգի նախարարներով: Լիբանանի մէջ յատկապէս հայ մամուլը ունի հարուստ աւանդոյթներ եւ տարիներու պատմութիւն։ Երկրի անցուդարձներուն, Հայաստանին առնչուող հետաքրքրական նիւթերուն կարելի է ծանօթանալ բազմաթիւ ամսագիրներու, եռամսեաներու, տարեգիրքերու, շաբաթաթերթերու միջոցաւ։ Անոնց շարքէն ներս յատկապէս կ’առանձնանան «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերը: Լիբանանի մէջ շուրջօրեայ կը գործեն նաեւ «Վանայ ձայն» եւ «Ռատիօ Սեւան»  ձայնասփիւռի կայանները:

«Ազդակը» ազգային, գրական, հասարակական-քաղաքական օրաթերթ մըն է, որ կը հրատարակուի 1927 թուականէն ի վեր։ Սկիզբը եղած է եռօրեայ, 1930-էն՝ երկօրեայ, իսկ 1932-էն՝ արդէն օրաթերթ։ Հիմնադիր եւ սեփականատէր-տնօրէնը եղած է Հայկ Պալեանը։ Ներկայիս Շահան Գանտահարեանն է օրաթերթի տնօրէնն ու գլխաւոր խմբագիրը։

Օրաթերթը կը լուսաբանէ հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ մարզական անցուդարձները։ Այն ունեցած է «Յարդգող» գրական, «Ազդակ շաբաթօրեակ, «Ազդակ մարզական» յաւելուածները։ Տարիներու ընթացքին օրաթերթին մէջ մեծ փոփոխութիւններ կատարուած են թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ ձեւաւորման առումով։ Այժմ անիկա կը հրատարակուի 10 էջով՝ նախկին 4 էջի փոխարէն։ Ամսուան ընթացքին լոյս կը տեսնեն մանկապատանեկան՝ «Պզտիկ–մզտիկ», կանանց համար՝ «Անահիտ» եւ մարզական՝ «Նաւասարդ» յաւելուածները, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» ամսագիրը։ Օրաթերթն ամէն տարի ընթերցողներուն կը ներկայացնէ իր տարեկան բացառիկը, ուր մանրամասն անդրադարձ կը կատարուի տարուան ընթացքին տարբեր ոլորտներէ ներս տեղի ունեցած  ամբողջական իրադարձութիւններուն։ 2002-էն ի վեր «Ազդակ»ն ունի իր կայքը՝ www.aztagdaily.com, որ ընթերցողներուն կը մատուցէ նաեւ անգլերէն եւ արաբերէն բովանդակութիւն։