×

Պէյրութի Հայկազեան համալսարան

11.01.2021

Սփիւռքի կարեւորագոյն կրթական հաստատութիւններու շարքէն ներս իր ուրոյն տեղն ունի Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը։ Եթէ որոշած էք ուսանիլ օտար երկրի մէջ, ապա այս համալսարանը, միանշանակ, լաւագոյն ընտրութիւններէն է։ Հայկական սփիւռքի միակ համալսարանը հիմնադրուած է 1955 թուականին՝ Ամերիկայի հայ միսիոներական ընկերակցութեան կողմէ բարերար Մեխակեանի աներոջ, Քոնիոյ Ճենանեան հիմնարկի նախկին ուսուցչապետ Արմենակ Հայկազեանի անունով։ Այն սկսած է գործել՝ ունենալով ընդամէնը 43 ուսանող։ Լիբանանի մէջ պետական ճանաչման արժանացած հայկական միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է, որու շրջանաւարտները կը ստանան պսակաւոր արուեստից կամ մասնագէտի աստիճան՝ ճանչցուելով Լիբանանի կառավարութեան, ինչպէս եւ վարժարաններու եւ համալսարաններու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ։ 1955-1989 թուականներուն անիկա եղած է ճեմարան, 1990-1996 թուականներուն՝ համալսարանական ճեմարան, ապա՝ համալսարան։ Այստեղ ուսումնառութիւնն անգլերէնով է, հայկական եւ արաբական մշակոյթներուն վերաբերող դասանիւթերը կ’աւանդուին հայերէնով եւ արաբերէնով։ Թէեւ համալսարանը Հայ աւետարանական հաստատութիւն է, սակայն աւելի քան 6 դաւանանքներու պատկանող շուրջ 20 ազգերու ուսանողներ կ’ուսանին այստեղ։ Յատկապէս 70-ականներուն համալսարանը վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն՝ ունենալով աւելի քան 650 ուսանող։

Հայկազեան համալսարանն ունի առանձին հայագիտական գրադարան, որ ամէն տարի կը հարստացուի Հայաստանէն եւ այլ երկրներէ ձեռք բերուած հայերէն եւ օտարալեզու գիրքերով ու հրատարակութիւններով։ Համալսարանը կը հրատարակէ հայերէնով՝ «Հայկազեան հայագիտական հանդէսը», անգլերէնով՝ «Հայկազեան հերալտ» ուսանողական պարբերաթերթն ու «Ֆոքուս» ուսանողական տարեգիրքը։ Կը գործեն շարք մը ուսանողական ակումբներ ու ընկերակցութիւններ։

Տարբեր տարիներուն համալսարանը նախագահած են  Ճոն Մարգարեանը, Ճիլպերթ Պիլեզիքեանը, Վեռն Ֆլոթչերը, Ժան Խանճեանը եւ Փօլ Հայտոսթեանը 2002 թուականէն առ այսօր։

Յատկանշական է Հայկազեան համալսարանի համագործակցութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի հետ: 2009 թուականին երկու համալսարաններուն միջեւ ստորագրուած է գործակցութեան համաձայնագիր։

Մինչ օրս Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներէն շատեր կարեւոր պաշտօններ կը ստանձնեն եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունին սփիւռքահայ տարբեր կառոյցներէն ներս: