×

Սփիւռքի մէջ գտնուելով՝ հնարաւոր է երեւութային շրջիլ հայաստանեան թանգարաններէն ու հնավայրերէն ներս

18.01.2024

Սլաքները կ'ուղղորդեն, շատ բնական ըրուած է, եւ, իսկապէս, տպաւորութիւն կը ստեղծէ, թէ դուն տաճարին տարածքէն ներս կը գտնուիս:

Զուարթնոց եւ Մեծամօր արգելոց-թանգարաններէն ներս շրջելու համար այլեւս թանգարան այցելելը պարտադիր չէ: Ցուցադրուած նմուշներուն կարելի է ծանօթանալ նաեւ «monuments.am» եւ «hushardzan.am» կայքերուն վրայ ներկայացուած երեւութային շրջագայութեան միջոցաւ:

Մեծամօր արգելոց-թանգարանը ներկայացուած է, ե՛ւ թանգարանային ցուցադրութիւնը, ե՛ւ հնավայրը, Զուարթնոցը եւս, ե՛ւ տաճարի տարածքն է, ե՛ւ թանգարանի շէնքը, թանգարանային առարկաներէն որոշ ցուցանմուշներ:

Երեւութային շրջագայութիւնը երեք լեզուով է՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Ստեղծուած է ոչ միայն Հայաստանի մէջ բնակող, այլեւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն եւ օտարերկրացիներուն համար: Թանգարաններուն մէջ շրջայցը կ'ուղեկցուի Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեամբ:

Պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ծառայութեան ստեղծած շրջագայութիւնը թանգարանները հանրահռչակելու նպատակ ունի: Հակառակ անոր, որ այցելուները երեւութային շրջագայութեան միջոցաւ ամբողջութեամբ չեն կրնար ծանօթանալ արգելոց-թանգարաններուն պահուստին.

Հետաքրքրութիւն թողնուած է, որ այցելուն նաեւ հետաքրքրութիւն ունենայ արդէն իրականութեան մէջ այցելելու թանգարան, երեւութայինէն տեղափոխուելու իրական թանգարան, եւ շօշափելու պատմութիւնը, տեսնելու, ծանօթանալու:

Յառաջիկային երեւութային շրջագայութիւնը հասանելի պիտի դառնայ Գառնիի տաճարէն ներս, Ամբերդ ամրոցին ալ հնարաւոր պիտի ըլլայ ծանօթանալ ձայնային զբօսավարի միջոցաւ: Նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի. յետագային պիտի թուայնացուին Հայաստանի բոլոր թանգարանները: