×

Միշէլ Ալլէ-Էկայեանը արդէն 5-րդ տարին ըլլալով վարպետութեան դասեր կ’իրականացնէ Հայաստանի մեջ

15.11.2023

Պարային ստեղծագործութիւններով եւ հայ-ֆրանսական շունչով. Ֆրանսահայ Միշէլ Ալլէ-Էկայեանի պարային բեմադրութիւնն է։ Լիոնէն ժամանած պարուսոյցի պարային համոյթը օրեր առաջ Առնո Պապաճանեան համերգասրահէն ներս հանդէս եկաւ «Եղիր հրեշտակ» ստեղծագործութեամբ։

Միշէլ Ալլէ-Էկայեանը արդէն 5-րդ տարին ըլլալով ֆրանսացի մասնագէտներու հետ կ’այցելէ հայրենիք եւ տարբեր քաղաքներու մէջ վարպետութեան դասեր կ’իրականացնէ հայ երեխաներուն եւ երիատասարդ պարողներուն համար։

Այս տարի վարպետաց դասեր կազմակերպած են Սեւանի Սուրբ Զաքարեանի անուան մշակոյթի պալատէն ներս «Սեւան» պարային համոյթին հետ։ Ալլէ-Էկայեանի խօսքով՝ այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի բացայայտելու հայերուն տաղանդը պարարուեստի ոլորտէն ներս, երեխաներուն եւ սկսնակ պարողներուն սովորեցնելու պարային հմտութիւններ եւ մշակութային փոխանակում ապահովելու հայ եւ ֆրանսացի մասնագէտներու միջեւ: 

Ֆրանսականը հայկականին համադրելով՝ Միշէլ Ալլէ-Էկայեանը նպատակ ունի շարունակելու իր գործունէութիւնը հայրենիքին մէջ եւ աշխատելու հնարաւորինս շատ սկսնակ եւ փորձառու հայ մասնագէտներուն հետ: