×

Հայրենադարձ ընկերներ Նարեկ Սֆէյրն ու Արէն Տէիրմենճեանը Երեւանի մէջ հիմնած են «Կուսթաւ» ճաշարանը

16.01.2024

Կուսթաւ ճաշարանի հիւրընկալողները հայրենադարձ ընկերներ Նարեկ Սֆէյրն ու Արէն Տէիրմենճեանն են: 29 տարուան ընկերութիւնը վերածուած է նաեւ գործընկերութեան. anonk միասին հայենիքի մէջ ճաշարան մը հիմնած են:

Ես, իրականութեան մէջ, 15-16 տարեկանէս կ’աշխատէի ճաշարանային ոլորտէն ներս, բայց միեւնոյնատեն դպրոց կը յաճախէի: Միշտ ալ սէր ունեցած եմ եփելու հետ, ճաշ պատրաստելու հետ՝ մանկութենէս։

Կուսթաւ ճաշարանը համեղ ու հետաքրքրական սնուողներուն համար իր դռները բացած է մօտ 1 ամիս առաջ: Ճաշարանին հիմնադիրները փորձած են ստեղծել միջավայր մը՝ առանց սահմանափակումներու. հիւրերը կրնան գալ իրենց ընտանիքներուն, ընկերներուն, երեխաներուն հետ եւ անցընել իրենց ժամանակը։

Ինքը եւրոպական փոքր ճաշարան մըն է, միեւնոյնապեն՝ գինետուն։ Երբ կու գան մեր քովը, մենք անվճար ջուր եւ հաց կը հրամցնենք՝ լոլիկի թացանով։ Եթէ մարդը քու տունդ հիւր գայ, առաջինը հաց ու ջուր կու տաք, չէ՞։

Հայրենադարձ ընկերները նպատակ ունին շարունակակական դարձնելու Կուսթաւի գաղափարը։ Անոնք յոյս ունին՝ ապագային իրենց հիւրերը կը սպասարկեն նաեւ երկրորդ ճաշարանէն ներս։