×

Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան հայկական վարժարան

11.01.2021

Իտալիոյ մէջ հայերուն ներկայութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւնները փոխանցուած են դեռեւս 6-7-րդ դարերէն: 12-րդ դարուն կէսերէն իտալական տարբեր քաղաքներու մէջ կազմաւորուած են համեմատաբար կայուն հայ համայնքներ, հիմնադրուած են հայկական եկեղեցիներ։ Իտալահայերը ներգրաւուած եղած են շարք մը ոլորտներու մէջ, աչքի զարկած են նաեւ որպէս լաւ նաւաստիներ, նաւագնացներ ու նաւաշինարարներ: 1512 թուին, նոյնինքն Վենետիկի մէջ, Յակոբ Մեղապարտը տպագրած է հայերէն առաջին գիրքը։ Հայերէն գիրքեր հրատարակուած են նաեւ Հռոմի, Լիւորնոյի, Փաւիոյ եւ Փատուայի մէջ: 1717 թուին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հիմնադրուած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, իսկ 1836 թուին միաբանութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է տեղի կարեւոր գիտակրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ Մուրատ-Ռափայէլեան գիշերօթիկ վարժարանը, որ տարիներու պատմութիւն ունի։ Հիմնադրման սկիզբի տարիներուն անիկա կը գործէր մարզական ծրագրով եւ ունէր 6-ամեայ դասընթացք, սակայն 1867 թուին ստացած է երկրորդական վարժարանի իրաւունք։ 1917-ին վարժարանը տեղափոխած են Հռոմ, իսկ 1918-ին՝ կրկին Վենետիկ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կրթարանը փակուած է, վերաբացուած է 1950-ին։ 1980-ականներուն այնտեղ կը յաճախէր մօտ 120 սան։ Վարժարանը ունեցած է հարուստ գրադարան, թանգարաններ, մարզական հրապարակներ, գործած են «Սայեաթ-Նովա» նուագախումբը, թատերական խմբակը։ Վարժարանը ակադեմիական բարձր չափանիշներուն համապատասխան կրթութիւն կը մատուցէր, որուն լաւագոյն շրջանաւարտները կը ստանային իրաւունք՝ առանց քննութիւններու ընդունուելու Եւրոպայի համալսարաններէն ներս:

Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն ներս դասաւանդած են Ղեւոնդ Ալիշանը, Ս․ Թէոդորեանը, Մ․ Նուրիխանը, Վ․ Աւգերեանը, Ա․ Գասքանտիլեանը եւ այլք։ Ուսանած են այնպիսի նշանաւոր դէմքեր, ինչպիսին են Դանիէլ Վարուժանը, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը,  Թովմաս Թերզեանը, Վահրամ Փափազեանը, Յակոբ Փափազեանը, Էտկար Շահինը, Էտկար Մանասը, Սրապիոն Հեքիմեանը եւ ուրիշներ։ Վարժարանին դռները բաց եղած են նաեւ եւրոպացիներուն համար։ Անուանի հայագէտներ Հայնրիխ Հիւպշմանը, Ֆելիքս Նեւը, Մարի Ֆելիսիթէ Պրոսէն, Նիքոլա Եորկան, Ֆրետերիք Ֆէյտին նոյնպէս ուսանած են այստեղ։

Վարժարանը փակուած է 1997 թուին, ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ աշակերտներու սակաւութեան եւ նիւթական հարցերու պատճառով։ Յետագային շէնքը սկսած է ծառայել որպէս կրթամշակութային միջոցառումներու վայր, նաեւ որպէս հիւրատուն հատուկենտ հիւրերու համար։