×

Ռաֆֆի Նիզիպլեան - «DEEM Communications» գործակալութեան հիմնադիր, հայրենադարձ

16.01.2024

Հայրենադարձ Ռաֆֆի Նիզիպլեանի հիմնած գովազդային գործակալութենէն ներս այսպիսի քննարկումները միշտ շատ են: Ստեղծարար անձնակազմ, նոր գաղափարներ, նոր նախագիծեր. ամէն ինչ սկսաւ, երբ 20 տարի առաջ Ռաֆֆին Հայաստան վեադարձաւ Քանատայէն: Բայց այդ ժամանակ ամէն ինչ այլ էր:

Երբ Հայաստան տեղափոխուեցայ համայնքային զարգացման նպատակաւ էր, այսինքն՝ կամաւորական ծրագիր մըն էր, ուր ես Հայաստանի ներկայացուցիչն էի։ Կամաւորեր կը հրաւիրէի Հայաստան եւ կը տանէի դէպի գիւղեր՝ վերանարոգելու եկեղեցի, մանկապարտէզ, դպրոց եւ այլն։

Աւելի ուշ, Ռաֆֆի Նիզիպլեանը, որ նաեւ հաղորդակցման մասնագէտ է, առաջարկ ստացաւ տնօրինելու հայաստանեան յառաջատար հեռահաղորդակցական ընկերութիւններէն մէկը։

Չէի գտներ այնպիսի կազմակերպութիւն մը, որ ամբողջական հաղորդակցման լուծումներ կու տար ինծի, այսինքն՝ կազմակերպողը կայք, սարքողը՝ գովազդ, իսկ ինծի պէտք էր ամբողջական անձնակազմ մը:

Այսպիսով, Ռաֆֆին հիմնեց «DEEM Communications» գործակալութիւնը, որ այսօր արդէն 17 տարեկան է։ Լիբանանահայեր, պարսկահայեր ու տեղացիներ. անոր անձնակազմին մէջ ներգրաւուած են մասնագէտներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն։ Աշխատանքային օրակարգին վրայ են շուկայավարումը, հանրային կապերու, ձեւագրումը, ընկերային ցանցերու յառաջխաղացումն ու կայքերու զարգացումը։

Երբ ես սկսայ 17 տարի առաջ, լրիւ ուրիշ տեսակի շուկայ մըն էր. պահանջը որիշ էր, շատ աւելի սկսնակ էր, սկսնակ էր, նոյնիսկ մեծ հիմնարկներու հետ աշխատանքը։ ամէնէն ցած մակարդակէն կը սկսէինք աշխատանքը՝ կրթելով եւ յառաջ տանելով այս նիւթերը՝ թէ ինչո՛ւ համար է շուկայավարումը, ի՞նչ կրնայ տալ գովազդային ճիշդ որոշումները, ճիշդ գոյները, ապրանքանիշերը ճիշդ ստեղծելը եւ զարգացնելը ի՞նչ արդիւնքի կը յանգեցնեն։

Երբ արդէն յայտնի էին այս հարցերուն պատասխանները, Հայաստանի մէջ որոշ չափով փոխուեցան ե՛ւ պահանջները, ե՛ւ մասնագէտներուն որակը: Մէկ կողմ դնելով աշխատանքային բարդութիւնները՝ Ռաֆֆին հպարտօրէն կը յիշէ նաեւ իրենց կատարած առանձնայատուկ աշխատանքներէն մէկը՝ Գիւմրի քաղաքի ապրանքանշաւորումը.

2016-ին մենք սկսանք Գիւմրին դարձնել մեր աջակից ծրագիրը։ ապրանքանշաւորում սկսանք կատարել, շատ բան սորվեցանք եւ վերջաւորութեան արդիւնք տուաւ, որ մենք ունեցանք այդքան յստակ ապրանքանշաւորում Գիւմրիի մասին, որմով արդէն մարդիկ սկսան հետաքրքրուիլ, փառատօններ կազմակերպել։

«DEEM Communications»-ը կեդրոնացած է ռազմավարական հաղորդակցման վրայ, որ կ’աջակցի պետական կառոյցներուն։ Մշակելով ռազմավարութիւններ եւ ստեղծելով արշաւներ՝ Ռաֆֆի Նիզիպլեանի անձնակազմը միջազգային շնորհատու կազմակերպութիւններուն միջոցաւ կ’ամրապնդէ կապը տարբեր օղակներու եւ հասարակութեան միջեւ: