×

Սպանիաբնակ հոգեբան Մարինէ Մամիկոնեանը անվճար առցանց դասընթացներ կը վարէ սփիւռքահայերուն համար

16.01.2024

Սպանիաբնակ հոգեբան Մարինէ Մամիկոնեանը արդէն 3 տարի է, ինչ սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն համար կը վարէ անվճար առցանց դասընթացներ։ Այս գործին մէջ Մարինէն մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայապահպանութեան։

Երկու ծրագիր ի սկզբանէ սկսած ենք՝ հայկական առցանց դպրոց։ Այսինքն` սփիւռքի մէջ բնակող ու նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող իւրաքանչիւր երեխայ կրնայ միանալ մեր ծրագրին առցանց հարթակին վրայ եւ մենք այնտեղ միասին կը սորվինք հայերէն, հայկական խօսքը, մեր հայկական մշակոյթը։

Այս դասընթացներուն կը յաջորդէ ծնողներուն հետ աշխատանքը։ Գիտակցելով, որ օտար միջավայրէ ներս հայ պատանիները կրնան բախիլ որոշ հոգեբանական խնդիրներու, Մարինէն եւ ապագայ հոգեբանական ծառայութեան աշխատակիցները գործարկած են «Դրական ծնողավարման ակումբը»։

Անիկա շատ կարեւոր է յատկապէս սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայ ծնողներուն համար. ինչպէ՞ս ճիշդ դաստիարակել երեխան, ինչպէ՞ս վերաբերիլ երեխային, ինչպէ՞ս դուրսը կարենալ հայկականի ու դուրսի այդ մշակութային տարբերութիւնը երեխային հասցնել, որ չըլլայ հակասական յարաբերութիւններ ծնողքին ու երեխային մէջ։

Իրականացուող ծրագիրներուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ կեդրոնի այլ աշխատակիցներ, որոնց աշխատանքին բուն նպատակը սփիւռքի մէջ հոգեբանական գիտելիքներու տարածումն է։

Տարբեր հոգեբաններ «Ապագայ» հոգեբանական ծառայութեան կեդրոնէն կը մասնակցին այդ ծրագրին, սեմինարներուն, վերապատրաստումներուն, ամէն մէկը իր նախընտրած եւ մասնագիտացած նիւթը կը կարդայ, մասնաւորապէս, կրնան ըլլալ հակասութիւններ ընտանիքին մէջ, ընտանիքի ճգնաժամային պահերը, անձի զարգացման հնարաւորութիւնները, անձի շարժառիթը։

Ծրագրին նիւթերը կեդրոնին կողմէ կը մշակուին՝ ըստ խումբի պահանջներուն։ Իւրաքանչիւր ծրագրի համար յատկացուած է շաբթական մէկ առցանց հանդիպում, որուն կրնան միանալ հայեր՝ աշխարհի տարբեր անկիւններէն։

Նոյնիսկ դէպք մը ունեցանք, որ երեխաներ, որոնք դասի ընթացքին՝ մեր առցանց դպրոցի ընթացքին ծանօթացան, նաեւ Հայաստանի մէջ անոնք հանդիպեցին միմեանց։

Մարինէ Մամիկոնեանը յառաջիկային ցանկութիւն ունի ընդլայնելու իր աշխատանքը. Սփիւռքի մէջ բնակող դեռահասներուն համար եւս առցանց հոգեբանական դասընթացներ պիտի վարէ։