×

Աշխատանք, ժամանց եւ բարձրորակ սուրճ. Ամերիկայէն հայրենադարձուած Կարէն Կիւլպուտաղեանը Երեւանի մէջ հիմնած է «Ground Zero»-ն

10.01.2024

Մարդիկ, յատկապէս՝ գործարարութիւն կամ արհեստագիտական ոլորտի, կ’ըսեն՝ Կարէն, արդէն չենք քննարկեր՝ ուր հանդիպինք, մենք կը քննարկենք միայն ժամը։

Երբ հանդիպման ժամը արդէն յայտնի է, վայրը նոյնն է՝ Կրաունտ զերոյ: Ամերիկայէն հայրենադարձուած Կարէն Կիւլպուտաղեանը Երեւանի մէջ հիմնած է յարմարաւէտ եւ տարբերող սրճարան մը, ուր մարդիկ ոչ միայն իրենց ժամանցը կը կազմակերպեն, այլ նաեւ աշխատանքը:

Ասիկա միջավայր մըն է, որ մենք առաջին հերթին կը ստեղծենք, ես ատիկա կը կոչեմ «community»՝ համայնք, այսինքն՝ մարդիկ այստեղ կու գան տարբեր երկրներէն եւ ոլորտներէն։ Մենք ստեղծած ենք այն պայմանները, որ մարդը կրնայ գալ ե՛ւ աշխատիլ, անցընել մի քանի ժամ, ե՛ւ ուղղակի ժամանակ անցընել ընկերներուն հետ կամ նոր կապեր ստեղծել: Անիկա բաւականին համաշխարհային միջավայր մըն է։

Չսահմանափակուելով միայն սրճարանին հայեցակարգով՝ Կրաունտ զերոյէն ներս տարբեր արտադրողներ հնարաւորութիւն կը ստանան ցուցադրելու իրենց ապրանքները եւ վաճառք իրականացնելու:

Կրաունտ զերոն կը ստեղծէ մշակոյթ։ Օրինակ, մենք կը գործակցինք չիր արտադրողներու հետ եւ կը խրախուսենք զիրենք, կը ստանանք այնպիսի արտադրութիւն մը, որ բնական է, բարձր որակի, առանց տարրաբանական նիւթերու եւ առանց աւելցուցած շաքարի եւ ամէնէն կարեւորը՝ ամերիկեան չափանիշի համապատասխան, որ թոյլ կու տայ մեզի արտահանել զայն։

Բարձրորակ սուրճի պատրաստումը եւ մատուցումը եւս իր կարեւոր դերը ունի: Կարէն Կիւլպուտաղեանը նշեց, որ ճիշդ այս իւրայատուկ մօտեցմամբ Կրաունտ զերոն շուկաին մէջ բացառիկ է:

Ասիկա եւս մէկ օրինակ է, որ մենք կը համագործակցինք Թումոյի արուեստանոցին հետ՝ առաջին օրուընէ։ Այս համագործակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ իրենց կողմէ մշակել եւ բարձր որակի ու շատ իւրայատուկ արտադրանք ստանալ, մեզի ալ թոյլ կու տայ, որ ասիկա ներկայացնենք աշխարհին։

Կրաունտ զերոն այս ձեւաչափով միակ սրճարանը պիտի չըլլայ Հայաստանի մէջ. Կարէն Կիւլպուտաղեանը նպատակ ունի ապագային զարգացնելու նմանատիպ վայրերուն մշակոյթը: