×

Սփիւռքահայ կամաւոր մասնագէտներուն համար սկիզբ առած է «ՏիասՓրո» ծրագիրը

16.11.2023

Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակը սկիզբ տուած է նոր ծրագրի մը՝ «ՏիասՓրո»-ն: Այն հնարաւորութիւն պիտի տայ սփիւռքահայ մասնագէտներուն, կամաւորական հիմունքներով, առցանց կամ առկայ եղանակով իրենց խորհրդատուական եւ փորձագիտական ներուժը ներդնելու Հայաստանի պետական համակարգէն ներս։

Գերատեսչութիւնները ունին որոշ կարիքներ, կան անձինք, որ ունին որոշ գիտելիքներ, հմտութիւններ, մասնագիտական կարողութիւններ, եւ կ'ուզեն զանոնք բաժնեկցիլ պետութեան հետ, մենք անոնց ի մի կը բերենք, կը համաձայնին, որ իրարու հետ պէտք է համագործակցեն եւ աշխատանքը տեղի կ'ունենայ։

Ծրագրին մասնակիցները իրենց փորձն ու գիտելիքը պիտի ծառայեցեն առողջապահութեան, ընկերային հարցերու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Յայտերու ընդունման մեկնարկը տրուած է հոկտեմբեր 20-ին: Մինչ օրս ծրագրին դիմած են տասնեակ սփիւռքահայեր 7 երկրներէ։

Ընտրուած մասնակիցները պիտի իրականացնեն փորձագիտական աշխատանք, հետազօտութիւններ, ներգրաւուած պիտի ըլլան այնպիսի աշխատանքներու մէջ, որոնք ժամկէտային որոշ սահմանափակումներ ունին, քանի որ կամաւորական աշխատանքը չի կրնար իրենցմէ նախատեսել երկարաժամկէտ աշխատանք։

«ՏիասՓրո»-ն կու գայ լրացնելու «Ի գործ» ծրագրին՝ աւելի լայն հնարաւորութիւններ ընձեռելով մասնակիցներուն: Այսուհետեւ հայրենիքին իրենց գիտելիքը պիտի ծառայեցնեն նաեւ այն սփիւռքահայ մասնագէտները, որոնք ֆիզիքապէս չեն կրնար գտնուիլ Հայաստանի մէջ:

Հետեւաբար մենք մտածեցինք ստեղծել այնպիսի ճկուն ծրագիր մը, որ կը թոյլատրէ կամ սահմանափակ ժամանակով գտնուիլ Հայաստանի մէջ, կամ առհասարակ առցանց իրենց ծառայութիւնները մատուցել մեզի։

Ծրագրին մասնակցելու համար սփիւռքահայ մասնագէտը պէտք է ունենայ բարձրագոյն կրթութիւն եւ առնուազն 2 տարուան մասնագիտական աշխատանքային փորձ: Ընտրուած դիմորդները աշխատանքի պիտի սկսին 2024 թուականի յունուար 15-ին։