×

Ինչպէ՞ս կը գործէ սփիւռքի մէջ միակ հայկական պետական թատրոնը

16.01.2024

Սփիւռքի մէջ գործող միակ պետական հայկական թատրոնը Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան տրամաթիքական թատրոնն է: Անիկա հիմնուած է վիրահայ համայնքին ջանքերով՝ 168 տարի առաջ: Թատրոնը արդէն 13 տարի է, ինչ իր սեփական շէնքին մէջ չի գործեր: Նախկին վթարային շէնքին փոխարէն հիմա կը կառուցուի նորը:

«Եւ այդ 13 տարուան ընթացքին թատրոնը ոչ մէկ վայրկեան կանգ առած է, այլ աշխատած եւ ստեղծագործած է: Մենք ամէն տարի 3-4 նոր ներկայացում կը յանձնենք հանդիսատեսին, տարին կը խաղանք շուրջ 40 թատերգութիւն,» - ըսավ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Պայանտուրեան:

Թատրոնին նոր շէնքը պատրաստ պիտի ըլլայ այս տարուան սեպտեմբերին: Անիկա կը կառուցուի նոյն տեղը, բայց արդէն աւելի ընդարձակ եւ ժամանակակից սարքաւորումներով:

«Այս տարիներուն թատրոնը հիւրախաղերով գտնուած է շարք մը երկրներու մէջ, եւ միշտ յաջող անցած են ատոնք: Սերտօրէն կապուած ենք Հայաստանի թատերական միութեան եւ ԿԳՄՄ նախարարութեան եւ, ընդհնարապէս, բոլոր թատրոններուն հետ,» - ըսավ նա:

Հայկական թատրոնը կը գործէ Վրաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Ներկայիս թատրոնի խաղացանկին վրայ 30-էն աւելի ներկայացում կայ, որոնք մշտապէս հայերէն կը բեմադրուին:

«Պիտի խաղանք միշտ հայերէն, քանի որ ասիկա հայկական թատրոն է, բայց խորհրդանշային մէկ վրացերէն թատերգութիւն մը ունինք՝ Տումպածէի մեղադրական եզրակացութիւնն է, որմով յաճախ հիւրախաղերու կը մեկնինք Վրաստանի շրջաններ, քաղաքներ,» - ըսավ Պայանտուրեան:

Արմէն Պայանտուրեանի խօսքով՝ մեծ աշխատանք կայ տանելու Սամցխէ-Ջաւախեթիի մէջ, Նինոցմինտայի մէջ եւ Ախալքալաքի մէջ ապրող հայ հանդիսատեսին հետ, քանի որ այս շրջաններուն մէջ քիչերը թատրոն կ’այցելեն:

«Ասոր շուրջ եւս կ’աշխատինք, ծրագիրներ կ’ընենք մանկավարժներուն հետ, տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լուծել այդ խնդիրը: Բացի այդ, մենք որոշած ենք, որ Ախալքալաքիեւ Նինոցմինտայի մէջ մեր ներկայացումները աւելի յաճախ ըլլան,» - ըսավ նա:

Յառաջիկային թատրոնէն ներս ներկայացում մը պիտի բեմադրէ վրաց անուանի բեմադրիչ Ռոպերթ Սթուրուան, ինչ որ գեղարուեստական ղեկավարը մեծ յաղթանակ մը կը համարէ թատրոնին համար: Յետագային թատրոնը աւելի ճանաչելի դարձնելու նպատակաւ կը պատրաստուին բոլոր հայերէն ներկայացումները թարգմանել վրացերէնի եւ անգլերէնի: Այս աշխատանքէն անմասն չեն մնար նաեւ յառաջատար թատրոններուն եւ թատերական գործիչներուն հետ համագործակցութիւնները