×

Ջաւախահայ Իրինա Շիպակցեանը հայրենիքին մէջ կը ստանայ երաժշտական գիտելիքները

07.11.2023

«Ես ընտրած եմ ժողովրդական երգեցողութիւնը, որ ինծի աւելի հոգեհարազատ է, եւ ես, բացի Հայաստանէն, այլ երկրու մէջ երբեւէ չեմ պատկերացուցած կրթութիւնս»,- ըսավ Իրինան:

Ջաւախքի մէջ ծնած Իրինա Շիպակցեանը դեռ տասը տարեկան էր կ’երազեր երաժշտական գիտելիքները Հայաստանի մէջ զարգացնել: Նախնական մասնագիտական կրթութիւնը Ջաւախքի աշուղական դպրոցէն ներս ստանալէ ետք 2020-ին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոց: Հայրենիքին մէջ նպատակը իրականացնելու համար անգամ թագաժահրը ու ատոր հետեւանքով սահմանուած տեղաշարժի սահմանափակումները խոչընդոտ չեն եղած:

«Երկրին վիճակը թոյլ չտուաւ, որ այլ մարդ, կողմնակի մարդ ինծի հետ գար, եկայ, միայնակ ընդունուեցաւ եւ, մէկ խօսքով, չորս տարի է արդէն այստեղ եմ»,-ըսաւ Իրինան:

Թէեւ Հայաստանի մէջ չէ ծնած, հայրենիքին հետ կապը միշտ պահած է: Ամէն տարի երկու անգամ հատած է Վրաստան-Հայաստան սահմանը:

«Մեծհօրս հետ շատ եկած եմ Հայաստան: Մեծհայրս ալ իր կրթութիւնը այստեղ ստացած է, բնականաբար երկրին, քաղաքին ծանօթ էր՝ Երեւանին: Յուշերս կապուած են մեծհօրս հետ, որովհետեւ ինքը զիս կը տանէր տեսարժան վայրեր»,- ըսաւ Իրինան:

Ուսումնական տարիները օգնած են նաեւ նոր ընկերներ ձեռք բերելու եւ մասնագիտական ձեռքբերումներ ունենալու:

«Ես հնարաւորութիւն ունեցայ Հանրային ձայնասփիւռի «Սայեաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթին հետ երգելու Ջաւախքի մէջ կայանալիք համերգին, ատիկա ինծի համար մանկուց եղած էր երազանք մը, նաեւ հրաւէր ստացայ Նարեկացի արուեստի միութեան գլխաւոր ղեկավարին կողմէ՝ նվագախումբին հետ ելոյթ ունենալու»,- ըսաւ Իրինան:

Իրինա Շիպակցեանը նաեւ մասնակցած է «Երգ երգոց. նոր ձայներ» երաժշտական ծրագրին: Ոլորտէն ներս աւելի հմտանալու համար որոշած է յետագային մագիստրոսական կրթութիւնը եւս Երեւանի մէջ ստանալ: