×

Նկարչութիւնը՝ հայոց պատմութիւնը ներկայացնելու միջոց. իտալահայ նկարչուհի Անժելա Ագայեանը հայրենիքին մէջ է

07.01.2024

Իտալիաբնակ նկարչուհի Անժելա Ագաեանը Հայաստանի մէջ է արդէն 5-րդ անգամ ըլլալով: Հայուհին առաջին անգամ ըլլալով հայրենիքին մէջ գտնուած է 2017-ին:

«Հայաստան միշտ կու գամ, հայերէն շատ լաւ չեմ խօսիր, բայց կը փորձեմ խօսիլ։ Շատ կը սիրեմ Հայաստանը, այստեղ չեմ ապրած, բայց շատ կը սիրեմ»,- ըսաւ Անժելան։

Անժելան ծնած է Թիֆլիսի մէջ: Ընտանիքէն ներս հայերէն չեն խօսել, բայց նկարչուհին միշտ մտածած է հայերուն ու Հայաստանին մասին։ Իտալիոյ մէջ նկարչական կրթութիւնը ստանալէն ետք որոշած է այցելել հայրենիք, իսկ աւելի ուշ՝ 2021-ին այստեղ ունեցած է անհատական ցուցահանդէս:

«Երբ մեծցայ արդէն կ’ուզէի Հայաստան գալ, ծանօթանալ Հայաստանին, տեսնել ինչպիսին է ժողովուրդը ու, երբ եկայ շատ սիրեցի, ես այստեղ տանն եմ»,-ըսաւ Անժելան։

Նկարչուհի դառնալը մանկութեան երազանք չէր, բայց Տալիի եւ Փիքասոյի ցուցահանդէսներուն ներկայ գտնուիլը փոխեց ամէն ինչ: Անժելան հիմնական կը նկարէ կենդանիներ եւ դիմանկարներ:

«Դիմանկարներ նկարելով կ’ուզեմ ցոյց տալ մարդոց զգացմունքները եւ կը կարծեմ, որ աչքերու միջոցաւ դուն կրնաս ցոյց տալ տարբեր զգացմունքներ։ Ես նաեւ երկար տարներ աշխատսծ եմ նորաձեւութեան ոլորտէն ներս եւ, ինչպէս գիտէք, շատ յայտնի եւ շքեղ ապրանքանիշեր իրենց հագուստներուն համար կը գործածեն կենդանական կաշի։ Իմ արուետովս կը փորձեմ մարդոց ցոյց տալ, որ պէտք չէ ընդամէնը մարմինը ծածկելու համար սպանել կենդանիներ»,-ըսաւ Անժելան։ 

Իտալահայ նկարչուհիին համար վրձինը նաեւ միջոց մըն է հայոց պատմութիւնը ներկայացնելու։

«Ես նկարած եմ հայ թագաւորերը, Բագրատունեանց ժամանակաշրջանը։ Ես կը նկարեմ Հայաստանի քարտէսը եւ ատոր ետեւը տուեալ ժամանակաշրջանի թագաւորը: Ատիկա հետաքրքրական է, որովհետեւ շատերը չեն գիտեր մեր ազգին իրական պատմութիւնը»,-ըսաւ Անժելան։

Անժելան անհատական ցուցահանդէսներով ներկայացած է նաեւ Վրաստանի, Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ: Այս պահուն ամէնէն մեծ ցանկութիւնը հայրենիքին մէջ նոր ցուցադրութիւն մը ունենալն է: Նկարչուհին չի բացառեր նաեւ յետագային Հայաստանի մէջ ապրիլը։