×

Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններ աջակցում են Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուածներուն

07.11.2023

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն համար նախատեսուած առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներն են։ «Շտապէ դէպի բարին» հասարակական կազմակերպութեան կամաւորները զանոնք կը հաւաքագրեն ու արցախցիներուն կը փոխանցեն անոնց Հայաստան գալու առաջին օրէն։

«Երբ արցախցիները կը տեղափոխուէին Հայաստան, մենք կ’օգնէինք իրենց, ուտելիքներ կը բաժնէինք, մեծ հերթի հետ կապուած` 48 ժամուայ, կը կերակրէինք երեխաները, կիները եւ անոնք, որոնք ատոր կարիքը ունէին, կը հաւաքէին հագուստներ տաք, առողջաբանական պարագաներ, նաեւ վերմակներ եւ անկողնային պարագաներ»,- ըսաւ Ելենան։

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ արդէն 13 տարի գործող կազմակերպութիւնը բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք իր ներուժը ուղղած է բռնի տեղահանուածներուն կարիքները բաւարարելու։

«Մօտ 75 աշխուժ կամաւոր ունինք միշտ եւ 500-էն աւելի կամաւոր, որոնք այսպիսի, ցաւօք սրտի, իրավիճակներուն կը կարենան արագ կազմակերպուիլ եւ օգտակար դառնալ հայրենիքին»,- ըսաւ Ելենան։

Առաջին իսկ պահէն Գորիս ժամանող արցախցիներուն կողքին եղած են նաեւ «Ամէն ինչ Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Տեղահանուածները ապահոված են սնունդով, դեղորայքով ու հագուստով։

«Մինչեւ հիմա հասցուցած ենք 35 հազար հոգիի ուղղակիօրէն օգնել ու ատկէ աւելի նաեւ մինչեւ հիմա կ’երթանք Գորիսի տարբեր հիւրանոցներ, կը հարցնենք, թէ ինչի՛ կարիք ունին, կ’երթանք ու բերենք այդ ապրանքը իրենց համար»,- ըսաւ Սիրինան։

3 տարի գործող կազմակերպութիւնը հիմնադրած են հայրենադարձ ամուսինները` 2020 թուականի պատերազմէն ետք։

«Մեր հիմնադիրները` Մաթիու Սահակեանը եւ Արազ Քեհքեճեանը Փարիզէն եւ Լիբանանէն եկած են Հայաստան` «Դէպի Հայք» ծրագրով, ծանօթացած են, ամուսնացած են, ու որոշած են այստեղ ապրիլ 2020 թուի պատերազմէն առաջ»,- ըսաւ Սիրինան։

Կազմակերպութիւնը բռնի տեղահանուածներուն աջակցելուն զուգահեռ նաեւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ կը մշակէ. Սիւնիքի մարզի մէջ կը փնտռեն տուներ մեր հայրենակիցները բնակեցնելու նպատակաւ: