×

Ջաւախքէն՝ Հայաստան. Քնքոյշ Անտոնեանը հայրենիքի մէջ կը ստանայ բարձրագոյն կրթութիւնը

13.09.2023

Ջաւախքաբնակ Քնքոյշ Անտոնեանն է։ Հայաստան տեղափոխուած է ուսման նպատակաւ։ Ապագայ թարգմանիչը արդէն 4-րդ տարին է, որ կ’ուսանի Մայր համալսարանէն ներս։ Ծնելով եւ ապրելով Վրաստան՝ Քնքոյշը դեռ մանկութենէն երազած է բարձրագոյն կրթութիւնը հայրենիքի մէջ ստանալ։

«Մանկութենէս երազած եմ տարբեր մասնագիտութիւններու մասին՝ բժիշկ դառնալու, իրաւաբան, լրագրող ու այդպէս շարունակ, մինչեւ որ հասկցայ, որ իմս թարգմանիչի մասնագիտութիւնն է։ Ես շատ-շատ կը սիրէի լեզուները, բայց զանոնք նախասիրութիւն կը համարէի, յետոյ որոշեցի նախասիրութիւնը դարձնել մասնագիտութիւն»,- ըսաւ Քնքոյշը։

Ուսանողուհին կը սորվի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի անգլերէնի բաժնին մէջ։ Համալսարան ընդունուած է համավարակի օրերուն։ Ընդունելութիւնն ու ուսանողական կեանքի մեկնարկն այդքան ալ իր պատկերացուցածին պէս չէր։

«Առցանց էին դասերը, խառնածին, կու գայինք-կ’երթայինք, կիսատ կը ստացուէր ինչ-որ տեղ ինչ-որ պահ, ատոր համար դժուարութեամբ եկայ, բայց այդ դժուարութիւնը աւելի ամրապնդեց կապս Երեւանի ու Երեւանի պետական համալսարանին հետ»,- ըսաւ Քնքոյշը։

Քնքոյշը 6 տարեկանէն գրեթէ ամէն տարի եկած է Հայաստան, այցելած ազգականներուն։ Համալսարանը ընտրելու հարցին մէջ առաջնորդուած է Երեւանի հանդէպ ունեցած սիրով ու մանկութեան յուշերով։

«Կու գայինք հիմնականօրէն կենդանաբանական այգի, յետոյ՝ հրապարակ, հրապարակի շատրուանները իմ երազներուս վայրն էր այսպէս ըսած»,-ըսաւ Քնքոյշը։

Հայկական աւանդապահ ընտանիքի մէջ մեծնալը երիատասարդին միշտ մօտ պահած է հայկական մշակոյթին։ Ան կ’ըսէ, որ մինչ օրս կը նշեն բոլոր հայկական տօները, կ’այցելեն հայկական եկեղեցի։ Իր օրինակով փոքր եղբայրները եւս կ’ուզեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ հայրենիքի մէջ։ Ուսանողին համար միակ դժուարութիւնը հիմա կարօտի զգացումն է ընտանիքին հանդէպ:

«Ես ամրան ընթացքին կ’երթամ մեր տունը մնալու, այսինքն՝ Ջաւախք, 2 ամիսէն, երբ կը վերադառնամ, դժուար է ինծի համար, որովետեւ մայրս, հայրս եւ եղբայրներս այնտեղ են, շատ կը կարօտնամ իրենց, յետոյ Նոր տարիին կ’երթամ եւ նորէն կը վերադառնամ»,- ըսաւ Քնքոյշը։

Հայրենիքի մէջ ուսումը աւարտելէ եւ ընկերներ ձեռք բերելէ ետք Քնքոյշ Անտոնեանի յաջորդ նպատակը այստեղ մագիստրոսի աստիճան ստանալն է։