×

Ֆրանսահայ Ռուբէն Գուլաքսզեանը կը շրջէ տարբեր երկիրներ ու կը պատմէ հայ համայնքներուն եւ մշակոյթին մասին

13.09.2023

Աշխարհի տարբեր անկիւններուն կը փնտռէ եւ ճանաչելի կը դարձնէ հայկականը։ Ֆրանսահայ կայքագիր Ռուբէն Գուլաքսզեանն է։ Այս անգամ իր հետեւորդներուն Հայաստանէն պիտի պատմէ երկրի եւ մշակոյթի մասին։ 

Ֆրանսահայը կրթութեամբ միջազգայնագէտ է։ Տարբեր երկիրներու մէջ ապրելու եւ աշխատելու շնորհիւ կապեր ձեռք բերած է հայկական համայնքներու մէջ։ Յետոյ սկսած է հայկական մշակոյթին եւ համայնքներուն առնչուող տեղեկատուական տեսանիւթեր հրապարակել իր եութուբեան եւ ինսթակրամեան էջերուն վրայ: 

Օրինակ ես Ֆրանսայի դեսպանատունը աշխատած եմ Մոսկուայի մէջ, երկու տարի այնտեղ մնացած եմ: Սուրիա ապրած եմ մէկ տարի, յետոյ եւրոպական տարբեր երկիրներ եղած եմ։ Հասկցած եմ, որ պէտք է աւելի շատ կապեր ունենալ իրարու մէջ՝ ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ։ 

Աւելի քան 100 երկիր ըլլալով՝ Ռուբէնի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է հայկական հետքերով երթալը եւ բացայայտումներ ընելը։ Այս բոլորն ալ ամփոփած է իր Little Armenias գիրքին մէջ։ 

Եթէ այս գիրքը ամէն մէկը ունենայ. կ’երթայ արձակուդի՝ Յունաստան, կրնայ Աթենք իջնել եւ մէկ-երկու օր երթալ ծով եւ մէկ օր անցընել Աթենքի հայկական տեղերը։ Ունինք հայկական եկեղեցիներ, պատմութիւն այնտեղ, ունինք հետաքրքրական հայկական ճաշարաններ։

Ռուբէնը ինքնուրոյն սորված է հայերէն։ Հակառակ անոր, որ ընտանիքին մէջ հայերէն չեն խօսած, այնուամենայնիւ երիատասարդին ցանկութիւնը մեծ էր հայրենիքն ու լեզուն աւելի լաւ ճանչնալու. 

Իմ առաջին լեզուս հայերէնը եղած է, մինչեւ 18 տարեկանը ուրիշ ոչ մէկ լեզուով կը խօսէի, անգլերէն՝ քիչ մը դպրոցին մէջ, բայց այդքան լաւ չէ: Սկսայ սորվիլ հայերէն եւ ըսի՝ եթէ հայերէն կրնամ, ինչու ուրիշ լեզուներ չսորվիմ։ 

Այսպէս ալ ճամբորդասէր երիտասարդին մօտ ձեւաւորուեցաւ լեզուներու հանդէպ սէրը։ Հայերէնին յաջորդեց անգլերէնը, սպաներէնը, փորթուկալերէնը, իտալերէնը, ռուսերէնը եւ արաբերէնը։ Ցանկը դեռ պիտի շարունակուի։ 

Ֆրանսահայ պլոկերը 2006 թուականէն գրեթէ ամէն տարի կու գայ Հայաստան։ Այստեղ ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ չունի, բայց անոնց հետ համդիպման վայրը միշտ նոյնն է՝ Հայաստանը: 

Հիմա իմ զարմիկներուս՝ Լիբանանէն եւ Ամերիկայէն, Հայաստանի մէջ կը հանդիպիմ ամրան։ Բոլորը այստեղ կու գան եւ շատ ընկերներ ունիմ, որ Հայաստանէն չեն, բայց միայն Հայաստանի մէջ կը հանդիպինք եւ շատ լաւ է, որ Երեւանը կրնայ մեր կեդրոնը ըլլալ։  

Հայաստանը աշխարհին յայտնի դարձնելը եւ ժառանգութեան շուրջ հայ համայնքերը միաւորելը Ռուբէնի համար առաջնային է։ Յետագային կ’ըլլայ նաեւ գիրքի նոր տպագրութիւնը՝ աւելի մանրամասն եւ թարմացուած տեղեկութիւններ: