×

Ֆրանսահայ թենոր Ռուբէն Էլբակեանը պարգեւատրուած է նոր ոսկեայ շքանշանով

23.12.2023

«Շատ ուրախ եմ եւ շատ հպարտ, վասնզի ասիկա իմ երկրորդ շքանշանս է բարեգործական գործունէութեանս համար, եւ կը կարծեմ, որ շատ շուտով բարեգործական համերգով մը պիտի հրաւիրուիմ նաեւ հայրենիք»,- ըսաւ Ռուբէն Էլբակեան։

Նոր ոսկեայ շքանշան՝ ոսկեայ ձայնին. յայտնի ֆրանսահայ թենոր Ռուբէն Էլբակեանը ֆրանսական հեղինակաւոր «La Ligue Universelle Du Bien Public» հաստատութեան կողմէ պարգեւատրուած է ոսկեայ շքանշանով:

Այս պարգեւին ժամանակին արժանացած են Չերչիլը, Ֆրանքլին Ռուզուելթը, Ճոն Ֆիցճերալտ Քենետին, Լուի Արմսթրոնկը, Ապէ Փիեռը, փրոֆեսոր Քրիստիան Քապրոլը եւ այլ մեծանուն գործիչներ: Անիկա կը տրուի հանրային գործունէութիւն իրականացնող եզակի մարդոց եւ անհատականութիւններու՝ համաշխարհային ծաւալով:

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ արուեստագէտը բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայաստանի ներկայ իրականութեան վրայ եւ ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը։

«Իմ ամէնէն մեծ ցանկութիւնս Հայաստանի մէջ բարեգործական համերգով մը հանդէս գալն է՝ փորձելով աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն»,- ըսաւ Ռուբէն Էլբակեանը:

«ձայնանիշերը արտաբերելը մէկ բան է, երգելը՝ մէկ այլ բան». այս կարգախօսով ալ Ֆրանսահայ երգիչը քսան տարի շարունակ փարիզեան արուարձանի երաժշտանոցին մէջ սաներուն կը փոխանցէ իր երգարուեստը: Ոսկեայ շքանշաններէն եւ մրցանակներէն այն կողմ՝ Ռուբէն Էլբակեանի միտքը հայրենիքն է: Մեծ յոյս ունի, որ ապագային իր ձայնը կը հնչէ հայաստանեան բեմին վրայ՝ հայ հանդիսատեսին համար: