×

Կենաց ծառը՝ վերածնունդի խորհրդանիշ. տեղի ունեցած է սուրիահայ եւ արցախցի վարպետներուն ցուցահանդէս-տօնավաճառը

09.01.2024

Այս ձեռագործ աշխատանքները պատրաստած են սուրիահայ եւ արցախցի վարպետները։ Կաղանդին ընդառաջ հնարաւորութիւն ունեցած են միասին մասնակցելու «Ռուց եւ Նեքսթ» երիտասարդական հիմնադրամի կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքին։

Մասնակիցներէն Եագուպեան քոյրերը մօտաւորապէս 30 տարի է, որ կը զբաղին մանկական հագուստի պատրաստմամբ: Սուրիայէն հայրենիք տեղափոխուած են աւելի քան 10 տարի առաջ:

«Ամբողջ ձեւագրումը ես կ’րոշեմ, երբ աչքերս կը փակեմ քնելու համար երեւակայութեանս մէջ կու գան գոյները եւ օրինակները։ Մանկական՝ ժիլէներ, պլուզներ, ժաքէթներ, սուիթէրներ, ամէն ինչ»,- ըսաւ Լենա Յակուբյանը։

Մարաշի ասեղնագործութիւն, արեւելեան ու արցախեան քաղցրաւենիք, արծաթեայ զարդեր ու կաղանդի զարդարանքներ. տօնավաճառին ցուցադրութիւնը բազմազան էր:

Սուրիահայ Մարալը արդէն 15 տարի է կը պատրաստէ ձեռագործ ապրանք։ Արհեստը սորված է ամուսինէն:

«Ձեւագրումը միասին կ’որոշենք՝ ինչ պէտք է ընենք, եւ ես ալ կ’աշխատիմ։ Սփռոցներ ամէն չափի, ամէն տեսակի, ամէն առիթի»,- ըսաւ Մարալ Գալուստյանը։

Ասեղնագործ իրերու կողքին Ասատուր Պոսոնեանի եւ կնոջ պատրաստած զարդերն են։ Կը պատրաստեն նորյթ եւ հնատիպ արծաթեայ զարդեր:

«Ասիկա Հալէպի գործ է, այնտեղէն բերած եմ, վերջին 1 հատը մնաց, ասիկա ալ Հալէպի գործ է: Այս մէկը այստեղի գործ է, տիկինս պատրաստած է, առաջին անգամ ըլլալով ցուցահանդէսի կը մասնակցիմ։ Այս բաժինն իրենն է»,- ըսաւ Ասատուր Պոսոնեանը։

Տօնավաճառէն ներս իրենց աշխատանքները կը ներկայացնէին նաեւ արցախցի մեր հայրենակիցները: Հատրութի ստեղծագործական կեդրոնի փոխտնօրէնուհի Նատեժտա Սարգսեանը կը ներկայացնէր՝ ինչպէս կեդրոնի երեխաներուն ստեղծագործական աշխատանքները, այնպէս ալ՝ վարպետներունը:

«Ներկայացուած են տարբեր ժանրերու գործեր. ասեղնագործութեան, ուլունքագործութեան, գորգագործութեան, փայտի գեղարուեստական մշակման»,- Նատեժտա Սարգսեանը։

Ցուցադրուած իրերէն անդին վերածնունդի խորհրդանիշ կենաց ծառն է, որ աւելի տարբերող եւ իւրայատուկ դարձուցած է ցուցահանդէսը։

«Մեր տօնավաճառին այս անգամուան իւրայատկութիւնը այն է, որ արցախցի եւ սուրիահայ վարպետները միասին կը զարդարեն Կենաց ծառը, քանի որ հայերը եղեւնի չեն զարդարած բնականաբար, զարդարած են չոր ծառերը՝ պտուղներով, որոնց վրայ իրենց ձեռքով ասեղնագործած են»,- ըսաւ Գոհար Օհանեանը:

Եկող տարի եւս արցախցի եւ սուրիահայ վարպետները պիտի շարունակեն ցուցադրել եւ աւելի ճանաչելի դարձնել իրենց աշխատանքները՝ նոր շունչով եւ ստեղծարար մտքով։