×

Ինչպէ՞ս դառնալ Հայաստանի քաղաքացի

11.01.2021

Հայաստանի մէջ քաղաքացիութիւն կրնաք ստանալ ազգութեան, բնակութեան վայրի, ամուսնութեան հիմքերով կամ բացառիկ կարգով։

Քաղաքացիութիւն ստանալու համար պէտք է այցելել ՀՀ Ոստիկանութեան անցագրային եւ այցագրային վարչութիւն կամ դիմել ձեր բնակութեան երկրին մէջ գտնուող ՀՀ դեսպանութեան կամ հիւպատոսութեան։

Ի՞նչ փաստաթուղթեր անհրաժեշտ են ներկայացնել

Անհրաժեշտ է ներկայացնել դիմում, անցագիրը եւ ատոր պատճենը, 6 լուսանկար (35 x 45 միլիմեթր չափով, գունաւոր), ծննդեան, ամուսնութեան վկայականները եւ ատոնց պատճենները, ամուսնոյն անցագիրը եւ ատոր պատճենը կամ տեղեկանք ամուսնոյն քաղաքացիութեան մասին, երեխային ծննդեան վկայականը եւ ատոր պատճենը, ազգութեամբ հայ ըլլալը հաստատող փաստաթուղթ, պետական տուրքին վճարումը հաւաստող փաստաթուղթ:

Ե՞րբ կրնաք դառնալ Հայաստանի քաղաքացի

Քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումը սովորաբար կը քննարկուի 6 ամիս: Անիկա կը քննարկէ ՀՀ Ոստիկանութիւնը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Քաղաքացիութեան կոմիտէն եւ Վարչապետին գրասենեակը։ Քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին հրամանագիրը կը ստորագրէ Հայաստանի նախագահը։

Եթէ դուք մինչեւ 50 տարեկան արական սեռի ներկայացուցիչ էք, ապա պէտք է հաշուառուիք զինուորական կոմիսարիայէն ներս։ Զինուորական հաշուառումը կը տեւէ 1-3 օր:

ՀՀ քաղաքացիի անցագիրը եւ անձնաթուղթը (ID card) ստանալու համար պէտք է այցելէք Ոստիկանութեան անցագրային եւ այցագրային վարչութիւն, ստորագրէք երդման գիրը եւ ստանաք ձեր փաստաթուղթերը։