×

Զինուորական ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ

11.01.2021

Հայաստանի մէջ զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր է 18-էն մինչեւ 27 տարեկան արական սեռի ՀՀ քաղաքացիներուն համար: Զինուորական ծառայութեան զօրակոչը կը յայտարարուի ՀՀ կառավարութեան որոշումով, կ’իրականացուի տարուան ընթացքին ոչ պակաս, քան 2 անգամ: Զինուորական ծառայութեան ժամկէտը 2 տարի է։

27-էն մինչեւ 50 տարեկան ՀՀ քաղաքացիները, որոնք հաշուառուած են զինուորական պահեստազօրէն ներս, կրնան զօրակոչուիլ՝ զօրահաւաք յայտարարուելու պարագային:

Զինուորական ծառայութենէն խուսափիլը կը համարուի յանցագործութիւն եւ կը պատժուի ազատազրկումով՝ մինչեւ 3 տարի ժամկէտով:

Զինուորական ծառայութենէն կ’ազատի ան քաղաքացին, որ առողջական վիճակի պատճառաւ ճանչցուած է ոչ պիտանի ծառայութեան համար, կամ մինչեւ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալը 12 ամիս ծառայած է այլ պետութեան զինուած ուժերուն մէջ կամ 18 ամիս անցած է այլընտրանքային ծառայութիւն, կամ ընտանիքին միակ արու զաւակն է եւ ունի զինուորական ծառայութեան ընթացքին զոհուած ծնող, եղբայր կամ քոյր։

Պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչէն տարկէտում կը տրուի առողջական վիճակի պատճառաւ, ընտանեկան պայմաններէն մեկնած, նաեւ ուսումնական նպատակներով։  

Զինուորական ծառայութեան վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւնները կը տրամադրէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։