×

Ինչպէ՞ս Հայաստանի մէջ ունենալ գրանցման հասցէ

11.01.2021

Եթէ Հայաստանի քաղաքացի էք, ապա պէտք է ունենաք գրանցման հասցէ։

Օտարերկրեայ պետութեան գրանցում ունենալու պարագային՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու ձեր դիմումին մէջ անիկա կը գրանցուի որպէս պաշտօնական հասցէ:

Եթէ կը ցանկաք ձեր անցագրին կամ անձնաթուղթին մէջ բնակութեան երկիրը նշուի «Հայաստան», ապա անհրաժեշտ է ներկայացնել Հայաստանի մէջ բնակելու փաստը հաստատող փաստաթուղթ մը։ Օրինակ՝ սեփականութեան իրաւունքի վկայական, բնակելի տարածքի վարձակալութեան պայմանագիր կամ սեփականատիրոջ համաձայնութիւնը:

Այդ փաստաթուղթերը չունենալու պարագային՝ կրնաք դիմել Ոստիկանութեան տարածքային բաժին՝ հաստատելու նշուած հասցէով ձեր բնակելու փաստը։ Այս գործընթացը սովորաբար կը տեւէ 2 շաբաթ։

Եթէ դուք մինչեւ 50 տարեկան տղամարդ էք, ապա պէտք է գրանցուիք ձեր բնակութեան վայրի զինուորական կոմիսարիայէն ներս: