×

Ինչպէ՞ս Հայաստան բերել անձնական գոյքն ու իրերը

11.01.2021

Մշտական բնակութեան նպատակաւ Հայաստան տեղափոխուելու ատեն ձեզի հետ բերուած անձնական իրերը կրնաք ներածել արտօնեալ պայմաններով՝ առանց մաքսային տուրք վճարելու։

Եթէ վերջին 5 տարուան մէջ բնակած չէք Հայաստանի մէջ, ունիք Հայաստանի քաղաքացիութիւն կամ յատուկ, մշտական կացութեան կարգավիճակ, 5 տարուան մէջ առնուազն 915 օր բացակայած էք Հայաստանէն, նախկինին օգտուած չէք նշուած արտօնութենէն։

Մաքսային արտօնութիւններէն օգտուելու համար ձեզի հետ կրնաք առնել անձնական օգտագործելիք, ընտանեկան, տնային եւ այլ կարիքներու համար նախատեսուած ապրանքներ՝ առանց գործարանային փաթեթաւորումի եւ պիտակաւորումի։

Այս գործընթացը սկսելու պարագային՝ մաքսային մարմնին անհրաժեշտ է դիմում ներկայացնել, որուն պէտք է կցել մանրամասն գոյքագրման փաստաթուղթերը, անցագրին պատճենը, օտարերկրեայ պետութեան մէջ մշտական բնակութեան փաստը հաստատող փաստաթուղթը, գոյքի տեղափոխութեան վճարման անդորրագրին բնօրինակը, փոխադրամիջոցին սեփականութիւնը եւ գտնուելու փաստը հաստատող փաստաթուղթերը։

Օտարերկրեայ պետութիւններէն տրուած փաստաթուղթերը կը ներկայացուին նօտարական կարգով վաւերացումով կատարուած թարգմանութեամբ։

Եթէ կը ցանկաք ձեզի հետ տեղափոխել նաեւ ընտանի կենդանի, ապա պէտք է ունենաք ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան թոյլտուութիւնը եւ անասնաբոյժի կողմէ առողջութեան վկայական, որ կ’ապացուցէ, թէ կենդանին չունի կատաղութիւն կամ այլ հիւանդութիւններ: Անհրաժեշտ է ունենալ կենդանիի պատուաստման եւ անասնաբուժական առողջութեան վկայագիրներ, կենդանիին անցագիրը եւ լուսանկարը։