×

Ինչպէ՞ս Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալ

11.01.2021

Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն եւ ծառայութիւններ կրնան ստանալ բոլորը՝ անկախ իրենց վճարելու ունակութենէն: Ծննդաբերութեան օգնութիւնը եւ մինչեւ 18 տարեկան քաղաքացիներուն մատուցուող բժշկական ծառայութիւնները անվճար են: Հանրային բուժարաններու ծառայութիւններուն մեծ մասը անվճար է:

Հանրային բուժարաններուն մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու համար գրանցուելու պարագային անհրաժեշտ է՝

գտնել ֆիզիքապէս ձեզի ամէնէն մօտ տարածքային բուժարանը,

այցելել այնտեղ անձնաթուղթով եւ ընկերային քարտով,

պայմանագիր կնքել բուժարանին հետ՝ դառնալով անոր շահառուն:

Մայրաքաղաքի հիւանդանոցներուն եւ բժշկական հաստատութիւններուն ամբողջական ցանկին ծանօթանալու, մասնագէտներ փնտռելու համար կրնաք այցելել medlib.am եւ doctors.am կայքերը։