×

Կոմիտասի յուշարձանը՝ Փարիզի մէջ. ինչպէ՞ս այն ստեղծուեցաւ

11.01.2021

Ֆրանսայի մէջ հայկական շունչը ամէնուր է։ Յատկապէս մայրաքաղաք Փարիզի տարբեր անկիւնները կարելի է հանդիպիլ մեծաքանակ հայերու, տեսնել անոնց ջանքերով բացուած ուսումնական կեդրոնները, խանութները, ճաշարանները եւ յուշարձանները, որոնք կը պատմեն Ֆրանսայի մէջ թողած հայկական հետքի մասին։

Նման պատմամշակութային կոթող մը կը հանդիսանայ Փարիզի յայտնի 8-րդ փողոցին վրայ գտնուող հայ մեծն երգահան, երաժշտագէտ Կոմիտասի յուշարձանը։ Դեռեւս 1978 թուականին Փարիզի հայկական համայնքը դիմած էր քաղաքային իշխանութիւններուն՝ Կոմիտասին եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը տեղադրելու խնդրանքով։ 2001 թուականին, երբ Ֆրանսան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սկսան տեղադրման աշխատանքները: Անուանի հայ ճարտարապետ, նկարիչ Դաւիթ Երեւանցիի հեղինակած յուշարձանը բացուեցաւ 2003 թուականի ապրիլ 24-ին Ալբերի գետափին մօտ՝ Ելիսէեան պալատի եւ Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութեան հարեւանութեամբ: 2009 թուականին յարակից փոքր պուրակը վերանուանուեցաւ «Երեւան»: Յուշարձանին բարձրութիւնը 6 մեթր է, 2 մեթր պատուանդանն է, արձանը՝ 4 մեթր, նիւթը՝ պրոնզ։ Յուշարձանին ետեւի մասը խաչքար է, վարդապետին ձեռքը՝ գիրք, միւս կողմէն նոր կեանք խորհրդանշող երեխայի գլուխ մը քանդակուած է ։ Յուշարձանին վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ Կոմիտաս վարդապետին եւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն»:

2020 թուականի օգոստոս 30-ին յուշարձանը ենթարկուեցաւ վանդալութեան։ Անոր վրայ թողած էին «Սա սուտ է (C’est faux)» արտայայտութիւնը, որ անմիջապէս հեռացուցած էր Փարիզի քաղաքապետարանը: