×

Ազնաւուր մկրտուած է այնտեղ, յետոյ՝ պսակադրուած է. Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական տաճար

11.01.2021

Հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի։ Առաջին հայերը Ֆրանսայի մէջ հաստատուած են դեռեւս վաղ միջնադարին՝ հայաշատ դարձնելով Փարիզ, Մարսիլիա, Վերսալիա, Լիոն, Նիս, Պորտօ, Վիեն, Վալանս եւ շարք մը այլ քաղաքներ։ Ձեւաւորելով աշխոյժ հայ համայնք՝ Ֆրանսայի հայերը ստեղծած են բազմաթիւ դպրոցներ, վարժարաններ, հասարակական եւ մշակութային կեդրոններ, որոնք կը ծառայեն ի նպաստ հայապահպանութեան գործին։ Անոր զուգահեռ՝ աշխոյժ եղած է նաեւ հոգեւոր կեանքը։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի հայկական կրօնական համայնքները միաւորուած են Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսիլիոյ շրջաններուն մէջ։ Երկրէն ներս հայկական հոգեւոր կեանքի ամրապնդման հարցին մէջ կարեւոր դեր ունի Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին (Cathédrale Arménienne de Saint-Jean-Baptiste)։ Այն կառուցուած է 1904 թուականին 20-րդ դարու խոշորագոյն հայ գործարար եւ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի միջոցներով՝ 1 միլիոն 540 հազար ֆրանկ։ Շէնքը նախագծած է ֆրանսացի ճարտարապետ Ալպեր Տեզիրէ Կիլպերթը։ Եկեղեցին կը գտնուի Փարիզի 8-րդ Ժան Կուժոն փողոցին վրայ՝ Ելիսէեան դաշտերուն հարեւանութեամբ։

Ամէն տարի, ապրիլ 24-ին, այստեղ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Նոյնինքն Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած եւ պսակադրուած է աշխարհահռչակ երգահան, մեծանուն երգիչ Շառլ Ազնաւուրը: 2018 թուականի հոկտեմբեր 6-ին եկեղեցւոյ մօտակայքը հաւաքուած էին մեծաքանակ հայեր ու ֆրանսացիներ՝ մասնակցելու Շառլ Ազնաւուրի վերջին հրաժեշտի արարողութեան։ Անոնք ծափահարութիւններով  ճանապարհեցին մեծն արուեստագէտին։