×

Աստղագիտութեան ոլորտը մէկ վայրի մէջ համախմբած է հայ պատանիներ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն

16.08.2023

Թռչող սարքերու շինութիւն, հրթիռաշինութիւն, տիեզերքի ուսումնասիրութիւն. այս ոլորտներէն ներս գիտելիքներ ձեռք բերելու նպատակաւ՝ արդէն երրորդ տարին հայրենիքի մէջ կը համախմբուին սփիւռքահայ պատանիներ:


«Ճամբարին հիմնական նպատակն է մեր պատանիներուն ծանօթացնել ոլորտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները: Խօսքը արբանեակաշինութեան, ընդհանուր տիեզերական արհեստագիտութեանց եւ արբանեակներու միջոցաւ ստացուած տեղեկութեան յետագայ վերլուծութեան մասին է, որ մեր կարծիքով՝ յետագային կրնայ օգնել մասնագիտական կողմնորոշման»,- ըսաւ նա:


Ճամբարը տեղի ունեցաւ օգոստոս 6-էն 12-ը՝ Դիլիջանի մէջ։ Դիմորդներու թիւը այս տարի աննախադէպ էր: Յայտ ներկայացուցած 1029 պատանիներէն ընտրուած էր 107 հոգի։ Ճամբարին երկրորդ անգամ մասնակցելու հնարաւորութիւն ստացած է Ջաւախքի Տամալա գիւղէն հայրենիք ժամանած Մարիամ Սահակեանը:


«Հետաքրքրուած ըլլալով տիեզերքով՝ մեծ ցանկութիւն ունիմ զայն բացայայտելու, եւ տիեզերական ճամբարը ինծի այդ հնարաւորութիւնը կու տայ՝ համատեղելով նոր ծանօթութիւններուն հետ եւ ինքզինքս բացայայտելով տարբեր ոլորտներէ ներս»,- ըսաւ նա:


14-ամեայ ապագայ աստղագէտ Խաչատուրն ալ Հայաստան եկած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն։


«Ես դասընթացներով հետաքրքրուած եմ արբանեակներու գծով եւ ներկայացումներ պատրաստելով»,- ըսաւ նա։


Ճամբարին երրորդ օրը, նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը շրջած է աշխատարաններէն ներս եւ ծանօթացած է կատարուած աշխատանքներուն: Մասնակիցները նախարարին ներկայացուցած են անօդաչու սարքերով կատարած լուսանկարները, արբանեակներէն ստացած արդիւնագործ եւ արխիւային տուեալներու մշակումները, վերլուծութիւնները, եզրակացութիւններն ու առաջարկութիւնները։ Մասնակիցներուն շարքին է նաեւ 15-ամեայ Խաչատուրը՝ Ռուսիոյ Օմսկ քաղաքէն։


«Ես տիեզերական ճամբարէն ունիմ շատ լաւ տպաւորութիւններ: Ամէն ինչ շատ լաւ ու հետաքրքրական ձեւով կ’անցնի: Շատ կը հաւնիմ այստեղի մարդիկ, իրենց  ջերմութիւնն ու ուրախութիւնը, դասընթացները, կազմակերպուող խաղերը, պարերը եւ մնացեալ բոլորը»,- ըսաւ նա։


Բացի դասախօսութիւններէն եւ ոլորտային աշխատաժողովներէն, ճամբարականներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ արշաւներ, ազգային պարերու ուսուցում, ֆիլմերու դիտում, ինչպէս նաեւ՝ հետաքրքրական հանդիպումներ ու միջոցառումներ: