×

Ոսկեայ ձայնը՝ Հայաստանի մէջ. աշխարհահռչակ օփերային երգիչ Ռուբէն Էլբակեանը կը պատրաստուի համերգներով հանդէս գալու հայրենիքին մէջ

16.08.2023

«Ոսկեայ ձայն» տիտղոսը ճիշդ անոր մասին է. աշխարհահռչակ ֆրանսահայ օփերային երգիչ Ռուբէն Էլբակեանի ձայնը տարիներ շարունակ կը գրաւէ հանդիսատեսը բազմաթիւ երկրներու մէջ։ Երգիչը նաեւ արժանացած է Նափոլէոնեան յիշատակի ռազմական շքանշանի ասպետ կոչման։ Ռուբէն Էլբակեանը յառաջիկային կը պատրաստուի բարեգործական համերգներով հանդէս գալու Հայաստանի մէջ։ Այսպիսի ելոյթներու համար երգիչը ոսկեայ շքանշանի արժանացած է։


«Հիմա ես կը շրջագայիմ իմ «Աւեմարիա» ծրագրով եւրոպայի մէջ եւ անիկա շատ բացառիկ ծրագիր մըն է, որովետեւ ես կը ներկայացնեմ շուրջ 14 Աւեմարիա։ Սովորաբար ունկնդիրը սովոր է լսել առաւելագոյնն՝ Պախ, Կունո, Քաչչինի, բայց ես կը կատարեմ Լիւցի, Քերուպինի, Սենսանս, Ֆորէ։ Ես կ’ուզէի նաեւ այդ ծրագիրը բերել Հայաստան»,-ըսաւ օփերային երգիչը։


Դասական երգիչին վերջին համերգը հայրենիքին մէջ շուրջ մէկ ու կէս տասնամեակ առաջ տեղի ունեցած էր։ Երաժշտական բացառիկ ծրագիրը հասու էր բոլորին։ Ռուբէն Էլբակեանի խնդրանքով՝ տոմսերուն 20 տոկոսը վաճառքի դրուած էր յարմար գինով։ Բարեգործական համերգին ողջ հասոյթը նուիրաբերուած էր անապահով ընտանիքներու երեխաներուն համար երաժշտական գործիքներ գնելուն։


«Ես անպայման կ’ուզէի, որ մեր ժողովուրդին այն մասը, որ դրամական այն հնարաւորութիւնը չունի՝ շատ սուղ տոմսեր գնելու, ինծի համար շատ կարեւոր էր անոնց ներկայութիւնը։ Ատոր համար ես պարտադրեցի, որ տոմսերուն մէկ մասը յարմար գինով վաճառուի եւ 1.200 հոգիանոց դահլիճը լեփլեցուն էր։ Անիկա զիս շատ յուզեց, շատ մեծ ընդունելութեան արժանացայ եւ անիկա ինծի համար շատ հաճելի յուշ մըն է»,-նշեց սփիւռքահայը։


Ֆրանսայի մէջ բնակելու 25 տարիներուն ընթացքին Էլբակեանը հասցուցած է համերգային ծրագիրներով շրջելու ոչ միայն Ֆրանսայի քաղաքներուն մէջ, այլեւ Եւրոպական այնպիսի երկրներու մէջ, ինչպիսին են՝ Իտալիան, Պելճիքան, Անգլիան, Զուիցերիան։ Հայազգի երգիչին վստահուած էր նաեւ 5 տարի փարիզեան յաղթակամարին ներքոյ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի օրհներգերուն կատարումը։


«Առաջին ագամ տակաւին տղաս շատ փոքր էր, երբ մենք վերադարձանք տուն, ան յաղթակամարը նկարեց եւ ինչ-որ խուճուճիկներ նկարեց երկնքին վրայ, երբ ըսի՝ ինչ է աս, ըսաւ՝ քու ձայնդ է, որ կը հասնէր մինչեւ երկինք»,-պատմեց Էլբակեանը։


Ռուբէն Էլբակեանը ոլորտէն ներս առաջիններէն էր, ով իր երգարուեստով արձագանգեց 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ատրպէճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ իրականացուող անօրինական գործողութիւններուն։


«Ամբողջ հանրութիւնը ուզեցի տեղեակ պահել թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Եւ անիկա շատ մեծ արձագանգ գտաւ»,-ըսաւ նա:


Եւրոպական երկրներու մէջ յառաջիկայ շրջագայութիւններէն զատ, օփերային երգիչը, նաեւ Հայաստանի հետ կապուած մեծ ծրագիրներ ունի։ Սկիզբը՝ բարեգործական համերգներ պիտի ունենայ, իսկ յաջորդ նպատակը՝ ունեցած փորձն ու գիտելիքը հայ երիտասարդներուն փոխանցելն է։