×

Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին այս տարի կը մասնակցին 60 ուսուցիչներ

16.08.2023

Աշխարհի տարբեր երկրներէն Հայաստան ժամանած է 60 սփիւռքահայ ուսուցիչ՝ մասնակցելու Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան նախաձեռնած Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին: Չորսշաբաթեայ դասընթացներուն ընթացքին՝ մասնակիցները կ’ուսումնասիրեն 7 ծրագիր:

«Մենք ունինք մշակոյթի բաժին, մենք ունինք հայոց լեզու-գրականութիւն, միօրեայ դպրոցներ, տարրական կրթութիւն կամ մանկապարտէզ, Հայոց պատմութիւն, տնօրէններու վերապատրաստում: Այսինքն՝ մենք փորձած ենք սփիւռքի մէջ գործող բոլոր կրթական հաստատութիւններուն կարիքները բաւարարել»,- ըսաւ նա:


Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Քրիստին Մարաշեանն ալ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի ծրագրին: Հայկազեան համալսարանի Հայագիտութեան բաժնի մասնագէտ է, այժմ կ’ուսումնասիրէ ներառական կրթութիւն: Սփիւռքահայ ուսուցիչներու ծրագրով կը վերապատրաստուի նախադպրոցական կրթութեան համար:


«Շատ հետաքրքրական էր՝ նախ դասախօսներուն մասնագիտացած ըլլալը, այսինքն՝ երբ ոեւէ դասախօս է մեզ մօտ կու գայ, տարբեր գիտելիք կը փոխանցէ մեզի՝ նոյնանման չէ։ Նաեւ գործնական բաժին ունինք, ուր կատարուած աշխատանքները կրնանք կապել մեր դպրոցի աշխատանքին հետ»,-ըսաւ նա։


Հիւսիսային Յունաստանի Քոմոթինի շրջանի Հայ կապոյտ խաչի միօրեայ դպրոցի եւ Հայ մշակութային միութեան Ուրարտու պարախումբի ազգային եւ ժողովրդական պարերու ուսուցչուհի Ռուզաննա Զօհրապեանը 2-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի ծրագրին: 4 տարի առաջ ներգրաւուած էր որպէս միօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի, հիմա կ’ուսումնասիրէ պարի դասաւանդման մեթոտը:


«Այս ծրագիրը շատ-շատ կը կարեւորեմ, քանի որ այս ծրագրին միջոցաւ պարի պատմութեան ծանօթանալով, կը կարծեմ, նոր սերունդը աւելի պիտի ոգեւորուի ազգային պարերու մէջ համարկուելուն, որովետեւ ես աւելի մեծ կարեւորութիւն կու տամ սփիւռքի մէջ ազգային պարը պահպանելուն, քանի որ անիկա ունի պատմութիւն։ Գործնական դասեր ունինք ժողովրդական պարերու, նաեւ ազգային պարերու, որ պիտի դասաւանդէ Գագիկ Գինոսեանը եւ որպէս պարարուեստի դասանիւթ մեր արժէքներուն պիտի ծանօթանանք եւ տարազներուն, որ շատ կը կարեւորեմ»,-ըսաւ նա։


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ատլանտա քաղաքի մէջ հայկական դպրոցի հիմնադիր Արմէն Պօղոսեանը ծրագրի միւս մասնակիցներէն է: Ներկայիս դպրոցէն ներս կ’ուսանին 4-էն 14 տարեկան 25 աշակերտներ, կը դասաւանդուի հայոց լեզու, պատմութիւն եւ երգ:


«Մենք տարեկան առնուազն 2 հանդէսներ՝ միջոցառումներ կ’ընենք։ Այն երեխաները, որոնք մեզ մօտ չեն ուսանիր զիրենք ալ կը հրաւիրենք, կու գան ու կը դիտեն, կ’ոգեւորուին եւ իրենք ալ ցանկութիւն կը յայտնեն մասնակցելու»,- ըսաւ նա։


2002 թուականէն ի վեր իրականացուող ծրագրին այս տարի դիմած է 167 մանկավարժ: Նախատեսուած տեղերը սահմանափակ ըլլալուն պատճառաւ ծրագրին կը մասնակցին 60 հոգի: Մասնակից երկրներու աշխարհագրութիւնը լայն է՝ Քանատայէն միչնեւ Ռուսիա:


«Ուսուցիչները, որոնք կը մասնակցին վերապատրաստման, վերադառնալով իրենց աշխատանքի վայրեր կամ ծառայութեան, կը կարենան փորձը, որ կուտակած են, կիրառել սաներու, աշակերտներու կամ դասաւանդուողներու շրջանակէն ներս, որ, իրականութեան մէջ, կը կարծեմ՝ կարեւորագոյն կռուաններէն եւ կարեւորագոյն խնդիրներէն է, որ մենք պէտք է լուծենք»,- ըսաւ նա:


Ծրագրին կազմակերպիչները կը վստահեցնեն, որ այն դիմորդները, որոնք այս տարի հնարաւորութիւն չստացան մասնակցելու, ցանկութեան պարագային՝ վերապատրաստումէ կրնան անցնիլ յաջորդ տարիներուն: