×

Սկիզբ առաւ «Ներուժ 4.0» պետական դրամաշնորհային ծրագրի յայտերուն ընդունման փուլը

16.08.2023

«Ներուժ 4» ծրագիրը այս տարի Հայաստանի մէջ կը համախմբէ 40 գործարկուող ընկերութիւն։ Ծրագիրը տարբեր երկրներէն կը հրաւիրէ սփիւռքահայ մասնագէտները՝ աջակցելու Հայաստանի տնտեսական առաջընթացին եւ գործարկման կենսոլորտի զարգացման։

«Ատիկա իր մէջ երկու բաղադրիչ կը պարունակէ, առաջինը՝ մեր սփիւռքի հայրենակիցներուն միջոցաւ արհեստագիտական գիտելիքի եւ կարողութիւններու ներգրաւումն է մեր կենսոլորտ։ Երկրորդ բաղադրիչը` սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն միջոցաւ համաշխարհային կարիքներու ուսումնասիրութիւնն է եւ ատոնց ճանաչողութիւնը, եւ այդ կարիքները բաւարարելու համար լուծումներու մշակումը եւ միջազգային շուկայ հանելը»,- ըսաւ նա:

Ծրագրին մասնակցելու համար գործարկուող ընկերութիւնները ազատ են ոլորտի ընտրութեան հարցին մէջ: Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը այս տարի յաղթող ընկերութիւններուն համար աւելի մեծ տարեհաշիւ կը նախատեսէ իրենց գաղափարը կեանքի կոչելու համար։

«Կը նախատեսենք մինչեւ 90 միլիոն դրամի չափով տրամադրել դրամաշնորհ, որմէ մինչեւ 30 միլիոն դրամը կը տրամադրուի սկսնակ ընկերութիւններուն, իսկ մինչեւ 60 միլիոն դրամ կ’ըլլան առաջին, երկրորդ, երրորդ տեղերուն համար նախատեսուած արդէն արտադրանք ունեցող անձնակազմերուն համար»,-ըսաւ նա:

2018 թուականէն ի վեր իրականացուող ծրագրին մասնակցելու համար անհրաժեշտ պայման է, որ հործարկուող անձնակազմի անդամներուն մեծ մասը ըլլան սփիւռքահայեր։ Յայտը ներկայացնելուն նախորդող 24 ամսուան ընթացքին ստացած չըլլան դրամաշնորհ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն, ցանկան Հայաստանի մէջ հիմնել եւ գրանցել գործարկում եւ առնուազն մէկ տարի բնակին այստեղ:

«Ներկայումս աշխատանքներ կը տանինք արտասահմանեան երագընթաց ծրագիրներու հետ համագործակցելու այս ծրագրի շրջանակներէն ներս, որ ինքնին կը բարձրացնէ մեր սփիւռքի հայրենակիցներուն հետաքրքրութիւնը՝ մասնակցելու այս ծրագրին, նաեւ արդիւնքները շատ աւելի խոստումնալից կ’ըլլան»,- ըսաւ նա:

«Ներուժ 4» 6-օրեայ միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Դիլիջանի մէջ: Յայտերուն ընդունման վերջնաժամկէտը օգոստոս 3-ն է: