Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս | 31 | 2021
31.05.2021

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2021 թ. Յունիս 20-ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի 2.581.093 ընտրող։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի համացանցային կայքին վրայ տեղադրուած է ընտրողներու թարմացուած արձանագրութիւնները, ըստ համայնքներու եւ ընտրական տեղամասերու։
Համագործակցութեան յուշագիր կնքուած է՝ Կրթութեան գիտութեան մշակոյթի մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ «Այբ» կրթական հիմնադրամի միջեւ: Համագործակցութեան նպատակն է բարձրացնել կրթութեան որակը, զինել ուսուցիչները որակեալ կրթական միջոցներով ։ Նախարարութիւնը յանձն առած է օգտագործել «Այբ»-ի կողմէն թարգմանուած դասագիրքերը։
Ժնեւի մէջ Յունիս 16-ին տեղի պիտի ունենայ ռուս-ամերիկեան գագաթաժողով, եւ արդէն երեք հիւրանոցներ հինգ աստղանի Յունիս 15-16-ի համար ամբողջութեամբ ապահովուած են: