×

Արեւմտահայերէն լուրեր Ապրիլ | 30 | 2021

30.04.2021

Կազանի մէջ այսօր ընթացք առաւ Եվրասիական միջ-կառավարական խորհուրդի ընդլայնուած նիստը։Նիստին կը մասնակցի Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Նիստի աւարտին Ղազախստանի վարչապետ Ասքար Մամին եւ Եվրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Միխայիլ Մյասնիկովիչ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով աշխատանքային այցով Մայիս 5-6-ին պիտի ժամանէ Հայաստան, իսկ մայիս 10-11-ին պիտի մեկնի Ատրպէյճան: Այս մասին յայտարարեց Մարիա Զախարովան: Լավրով բանակցութիւններ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, պիտի քննարկուին երկկողմ համագործակցութեան, միջազգային ասպարէզի եւ տարածաշրջանային մակարդակով երկիրներու փոխգործակցութեան մասին հարցեր: «Առաջնահերթ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի և Հայաստանի ղեկավարներուն 2020 Նոյ․ 9-ի եւ 2021 Յուն․ 11-ի յայտարարութիւններու իրականացման գործնական քայլերուն », — ըսաւ Զախարովա:

Այսօր Ռուսաստանէն «Spunik V» պատուաստանիւթի առաջին մեծ խմբաքանակը՝ 15,000 չափաբաժին, հասած է Արցախ։ Կը յայտնէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Համավարակի տարածումը զսպելու համար սա մեծ աջակցութիւն է պատերազմի հետեւանքները յաղթահարող Արցախին համար»,- գրած է Յարութիւնեան։